Փարիզէն Զգաստութեան (Հերթական) Հրաւէր Կազմակերպուած Սփիւռքին – Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Map of Armenia - Historical Armenia and future Armenia – Carte de l'Arménie - Arménie historique et future Arménie

Փարիզէն Զգաստութեան (Հերթական) Հրաւէր Կազմակերպուած Սփիւռքին – Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

16 ՄԱՅԻՍ 2026 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/

Փարիզի մէջ Հայաստանի նոր դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին պատահածը զգաստութեան հրաւէր է ամբողջ սփիւռքին: Արցախը յանձնած իշխանութիւններէն սպասելի էր, որ Արցախի ներկայացուցիչը չհրաւիրէին ձեռնարկին: Բայց թեմի առաջնորդն ու ֆրանսահայ համայնքը ներկայացնող կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը հրաւիրեալներու ցանկէն դուրս ձգելը համայնքի՛ն նկատմամբ անարգանք է: Միաժամանակ անիկա այս իշխանութիւններուն ապերախտութեան եւ ոխակալութեան ցուցանիշն է:

Ապերախտութիւն` որովհետեւ մինչեւ այս նոր կառոյցի ձեռքբերումը դեսպանատունը գործած է առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ` համայնքին կողմէ Հայաստանի պետութեան տրամադրուած շէնքի մը մէջ: Անցեալ դարու վերջին տասնամեակին անկախացած Հայաստանը շատ շուտով միջազգային ներկայութիւն դարձաւ` շնորհիւ առաջին հերթին տարբեր երկիրներու մէջ կազմակերպուած եւ իրենց ազգային յանձնառութիւնը երբեք խնդրոյ առարկայ չդարձուցած համայնքներու ու բարերարներու նուիրումով բացուած դեսպանատուներու ցանցին: Այդ եղաւ անկախութեան ամէնէն սկիզբէն սփիւռքի ներդրումը հայկական պետականաշինութեան մէջ, որ կարծես Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը ընդհանրապէս հարկ եղած ձեւով չգնահատեց: Խօսքը հոս կը վերաբերի սփիւռքի հետ ռազմավարական գործընկերութեան, որ այդպէս ալ երբեք խօսքի սահմաններէն անդին չանցաւ: Ան եղաւ պատահական, ըստ կարիքի, միշտ սահմանափակ, առանց հայեցակարգման եւ ոչ ալ քաղաքական օրակարգի մաս կազմող նպատակադրում մը:

Ոխակալութիւն` որովհետեւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչ մարմինի ղեկավարին` Հայաստան մուտքի արգելքը, իր ժամանակին կրկնակի պախարակում մը եղաւ Փաշինեանի կառավարութեան եւ անձամբ իրեն: Յստակ դարձաւ, որ Հայաստանի ամէնէն աւելի զօրակից Ֆրանսայի նախագահին համար անհասկնալի ու անընդունելի էր նման չհիմնաւորուած եւ էապէս հակաժողովրդավար որոշում մը, զոր իշխանութիւնները ի վերջոյ ստիպուեցան ետ կոչել: Աւելի՛ն. ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչ կազմակերպութիւնը միահամուռ կեցուածքով անընդունելի նկատեց այդ խտրական քայլը:

Հայաստանի իշխանութիւնները վստահաբար պիտի արդարանան` ըսելով, թէ համայնքի այլ ներկայացուցիչներ հրաւիրուած էին: Բայց իրողութիւն է, որ հակառակ իրենց բազմաթիւ ճիգերուն` «այլընտրանքային» ներկայացուցչութիւն ստեղծելու, ֆրանսահայութիւնը իր վստահութիւնը տուաւ այն մարմնին, զոր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չուզեց հրաւիրել ձեռնարկին:

Եւ փաստը կը մնայ, որ այս իշխանութիւնները ամէնէն խտրական վերաբերմունքը ցուցաբերած են սփիւռքեան կազմակերպուած համայնքներուն նկատմամբ` տարբեր այցելութիւններու ընթացքին հանդիպման հրաւիրելով տուեալ համայնքի այն անդամները, որոնց մէջ, ընդհանրապէս, կը բացառուին ներկայացուցչական հանգամանք ունեցող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Անոնք կա՛մ սփիւռքի մէջ իրենց «թմբուկը զարնողներն» են, կա՛մ «թաւշեայ յեղափոխութեան» օրկանական մտաւորականները` վարձատրուող կամ կամաւոր: Կամ ալ անհատներ, որոնք պատրաստ են լսելու ամէն յիմարութիւն, որ իրենց կը հրամցուի, եւ լուռ մնալու, երբ սփիւռքը, այսինքն` իրենք, կը նսեմացուի, չըսելու համար` կը նախատուի:

Դիմատետրի վրայ քիչ չեղան այս առիթով Հայաստանի իշխանութիւններուն հասցէագրուած «ամօթ»-ի բառացի պատգամները, ինչ որ ցուցանիշ է պատահածին արձագանգին` ֆրանսահայութենէն անդին, սփիւռքեան տարբեր համայնքներու մօտ: Ճիշդ է, որ նման պարագաներու առանցքային կը դառնայ տուեալ երկրի մէջ ՀՀ դեսպանին վարքագիծը տեղւոյն հայ համայնքին հետ, թէկուզ եւ` որպէս պետական պաշտօնեայ, ան այլընտրանք չունենայ` բացի Երեւանէն եկած ցուցմունքներուն հետեւելէ: Ամէն պարագայի, եւ բարեբախտաբար, կան բազմաթիւ օրինակներ, որոնք կը բացայայտեն հայ դիւանագէտներու բարձր վարքը, ուր իրենց մասնագիտութիւնն ու հայու յանձնառութիւնը զիրար կ՛ամբողջացնեն:

Կը մնայ, որ մարտահրաւէրը համասփիւռքեան կազմակերպական ցանց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կառոյցներու ղեկավարութիւններո՛ւն է: Իրե՛նք են, որ Փարիզի մէջ տեղի ունեցածին հետեւող, կազմակերպուած սփիւռքի չեղարկման ամէն դէպքէ ետք, պարտին գիտակցիլ տեղի ունեցածին խորքային պատճառներուն: Այսինքն, եթէ մէկ կողմէ կասկած չկայ, որ Փաշինեանի կառավարութիւնը սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու յոռեգոյն օրինակն է, միւս կողմէ` հարկ է վերջապէս հասկնալ եւ ընդունիլ, որ այդ յոռեգոյնի այլընտրանքը կրնայ նաեւ ըլլալ նուազ վատ, ընդունելի, բայց` ոչ անպայմանօրէն բաւարարութիւն պատճառելու չափ լաւ, կամ` իտէալական ու լաւագոյն: Փաստօրէն անկախութենէն ի վեր Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները եղած են, լաւագոյն պարագային, ընդունելի` մասնաւորաբար իրենց ձեւաչափով, բայց երբեք այնքան լաւ չեն եղած, որ հայեցակարգուին «ռազմավարական գործակցութեան» մակարդակով, ինչպէս բանաձեւուած է բաժակաճառերու եւ հանրային ճառերու ուռճացուած խօսոյթին մէջ:

Առ այդ, Փարիզի մէջ պատահածը` կազմակերպուած սփիւռքի հերթական անտեսումը, առիթ է կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւններուն եւ իրենց կոչումին հաւատարիմ սփիւռքահայ մտաւորականներուն` իրենց մտահոգութեան կիզակէտին բերելու սփիւռքի օրակարգը` առանց որեւէ պայմանաւորումի կամ պարտաւորումի: Փոխանակ, կրկին անգամ, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու բարելաւումը կապելու Հայաստանի մէջ իշխանափոխութեան, այսինքն` այդ յարաբերութիւններու նախկին «ընդունելի» ձեւաչափին վերադարձին:

Հակառակ ընտրարշաւային մթնոլորտին մէջ սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները աւելի բարձր մակարդակի հասցնելու խոստումներուն, ոչ մէկ մեքանիզմ գոյութիւն ունի, որ կազմակերպուած սփիւռքին դոյզն իսկ պատեհութիւնը տայ` որեւէ ձեւով ազդելու Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութեան կողմէ տրուած որոշումներուն վրայ, կամ նոյնիսկ` մասնակցելու իշխանութեան ընտրութեան: Ոչ ալ յստակ է, թէ հակառակ ամէն փափաքին, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները յունիս 7-էն ետք պիտի չմնան իրենց ներկայ յոռեգոյն մակարդակին:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail