Երբ նիկոլը ըսաւ չկար ու չկայ հայ դատ, այլ՝ կայ My դատ, որ կը նոյնանայ թուրքին ու գրպանի դատին հետ – Րաֆֆի Տէմիրճեան
22 ՅՈՒՆԻՍ 2026 – – ՍՓԻՒՌՔ:
Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Բոլոր անոնք որոնք գրաւ դրած էին, որ Իրանը պիտի պարտուի, ապա անոնք հաստատ սխալեցան։ Յաղթեց թէ ոչ քննարկելի նիւթ է, բայց հաստատ` չպարտուեցաւ, որովհետեւ Միացեալ նահանգներու նպատակները չիրականացան։ Հոս ալ պղտոր ջուրին մէջ ձուկ փնտռողները ձախողեցան, եւ անոնց իշխանատենչ ու նեղ երազները ոչնչացան։
Փաստօրէն Իրանը աշխարհին ցոյց տուաւ, որ համաշխարհային արդի պայմաններուն մէջ, արհեստագիտութեան ու ռազմական նորարարութիւններով եւ բազմատեսակ բռնաճնշումներով կարելի չէ հաւաքականութիւն մը ծունկի բերել, այնքան ատեն որ ժողովուրդը պայքարող է, այնքան ատեն որ հաւաքականութիւնը մարտնչող է ու չյանձնուող։
Տակաւին, հակառակ ներքին ու արտաքին բոլոր լծակներու գործածութեան, Լիբանանի դիմադրութիւնն ալ վիրաւոր վիճակին մէջ ոտքի մնաց ու Թրամբէն մինչեւ արաբական երկիրներու նախագահներ այսօր ճամբայ կը փնտռեն։ Իսրայէլը յայտարարած էր, որ կանգ պիտի չառնէ, այնքան ատեն որ զինաթափում չէ կատարուած, սակայն փաստօրէն այսօր ալ յայտարարեց ռազմական գործողութիւններու դադրեցումը, որուն շուտով պիտի յաջորդէ հանգրուանային նահանջը։
Իրան֊Ամերիկեան պատերազմը առայժմ նուազագոյնը յետաձգեց միահեծան աշխարհ ստեղծելու ու այսպէս կոչուած Նոր Միջին Արեւելք հաստատելու քայլերը։ Իրանը ո’չ Իրաք է եւ ոչ ալ Վենիզուելլա։
Իրանի մէջ իշխանութիւն տապալելու փոխարէն իշխանութեան հետ երկխօսութիւն սկսաւ, տնտեսական ճնշումները աւելցնելու փոխարէն պատժամիջոցները նուազեցնելու եւ շուտով ջնջելու քայլերը ընթացք պիտի առնեն, Իրանի ներկայութիւնը շրջանին մէջ չէզոքացնելու փոխարէն շուտով լիազօրութիւններ պիտի տրուին, հիւլէական կարողականութիւնները քանդելու փոխարէն միջին լուծումներ կը քննուին, քաղաքականօրէն մեկուսացնելու փոխարէն մեծ պետութիւնները հերթով բանակցութիւններու սկսան…
Տակաւին իրանական դիւանագիտական դպրոցը տասնեակ տարիներ պիտի արժանանան մասնագէտներու ու պատմաբաններու ուսումնասիրութիւններուն։
Այո’, միշտ ալ ժողովուրդին կամքը աւերակներուն մէջէն կը յաղթէ, եւ երանի ա’յն ազգերուն, որոնց հաւաքականութիւնը արմատներէն չի հեռանար, դատը չուրանար, հողը չի զիջիր, բարեկամներուն չի ծախեր, նահատակներուն կտակին կը հետեւի, եւ ամէնէն տագնապալի պահերուն մէկութիւնը ու դիմադրողական շունչը կը պահէ։
Մարդկութիւնը այս պատերազմէն շա՜տ դասեր ունի սորվելիք, իսկ մենք` մեր նկարագիրին, մեր աւանդներուն եւ մեր հայու իւրայատուկ ոգիին պէտք է վերադառնանք։
Իրանի յեղափոխական, պահանջատէր ու խիզախ ժողովուրդը արժանի է յարգանքի։
