Հայաստանի վերջին ընտրութիւնները անգամ մը եւս փաստեցին, որ ժողովրդավարական կարգերով կարելի չէ բռնապետը հեռացնել – Րաֆֆի Տէմիրճեան

Hayasa-Azzi - 1500 BC - is the source of the native name for the country, Hayastan

Հայաստանի վերջին ընտրութիւնները անգամ մը եւս փաստեցին, որ ժողովրդավարական կարգերով կարելի չէ բռնապետը հեռացնել – Րաֆֆի Տէմիրճեան

28 ՅՈՒՆԻՍ 2026 – – ՍՓԻՒՌՔ:

Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Նիկոլը զեղծարարութիւններով պետութիւնը կալանքի տակ պահած է, եւ այսուհետեւ միակ եւ անփոխարինելի միջոցը փողոցային, ուժգին ու ազդեցիկ պայքարն է։ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ապօրինի հեռացումը լաւագոյն ապացոյցն է, եւ եթէ այսօր ընդդիմութիւնը գործնապէս ու միակամ չընդդիմանայ, վաղը կարգը բոլոր ընդդիմադիրներուն է, անխտի’ր։

Անցնող տարիներու փորձը ցոյց տուաւ, որ կարելի չէ երկարաժամկէտ պայքար տանիլ, որովհետեւ իշխանութիւնները ժամանակը կ’օգտագործեն` ճնշումներով ու ձերբակալութիւններով կասեցնելու հեռացման գործընթացը։

Մանտադ առնել֊չառնելը այս օրերուն ժամանակի կորուստ է։ Ազգային ժողովին մէջ կռիւ տանիլը բանտի խուցին մէջ մենախօսութիւն կատարել է։ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբն ալ ապացուցեց, որ ինք նիկոլի կամակատարն է, ՔՊ֊ի ընտրական մեքենան է։

Այսօր հայկական իշխանութիւն չունինք, իսկ պետութիւնը նիկոլական լծակի վերածուած է։ Ժամանակն է, որ փրկենք մեր պետականութիւնը։

May be an image of the Brandenburg Gate and text

Բռնապետը ժողովրդավարական կարգերով չի հեռացուիր։ Այլ ելք պէտք է գտնել…

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail