Ձեր «պաշտօնեաներով» ու զեղծարարութիւններով ապահովուած շուրջ 688 հազար քուէները չեն կրնար տասը միլիոն ազգին ճակատագիրը որոշել – Րաֆֆի Տէմիրճեան

Hayasa-Azzi - 1500 BC - is the source of the native name for the country, Hayastan

Ձեր «պաշտօնեաներով» ու զեղծարարութիւններով ապահովուած շուրջ 688 հազար քուէները չեն կրնար տասը միլիոն ազգին ճակատագիրը որոշել – Րաֆֆի Տէմիրճեան

30 ՅՈՒՆԻՍ 2026 – – ՍՓԻՒՌՔ:

Րաֆֆի Տէմիրճեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

May be an image of map and text

 

Երբ հայրենիք հասկացողութիւնը կը կործանուի ու նահատակներու շիրիմներով շրջապատուած հայկական հողերը ազրպէյճանական տարածք կը ճանչցուին, երբ դատը մոռացութեան կը մատնուի, երբ հաւաքական շահը կ՛անհատականանայ, երբ բանակը ոստիկութեան դերը կը ստանձնէ, երբ ժողովրդավարութիւնը կեղծիքով կը պահպանուի, երբ սփիւռքահայը միայն ծափող ու դրամ մատակարարող հաւաքականութեան դերը կ՛ունենայ, երբ մշակութային ու ազգային ժառանգութիւնը ժամանակավրէպ կը նկատուի, երբ թշնամին իր վայրագութիւններով իբրեւ բարեկամ կ՛ընդունուի, երբ խաղաղութիւնը պարտութեամբ եւ զիջումներով կը հրամցուի, երբ ազատ միտքը անձնական հայհոյանքներու կ՛արժանանայ, եւ երբ դաւաճանը կը հերոսանայ ու հողատուն կը մեծարուի, ապա ա՛յն ատեն ազգը կամաց-կամաց կը փճանայ, կը քայքայուի ու կը կորսուի։

Անցնող քսանչորս ժամերուն հարիւաւոր մարդիկ յանկարծ նեղացան կտաւով ծածկուած Արարատի երեւակայական պատկերէն։ Շատեր նոյնիսկ փորձեցին անմիտօրէն փաստել, թէ պատկերը իրական չէ, չնայած մարդկային նուազագոյն միտքը չի կրնար իրականութեան մէջ երեւակայել, որ լեռ մը կարելի է կտաւով ծածկել, բայց մեր միջավայրին մէջ նոյնիսկ պատկերաւոր գաղափարները ընդունելու վիճակն անգամ կորսուած է։ Լաւ է, որ արհեստական բանականութիւնը (AI) խորհրդաւոր ձեւով լաւապէս ներկայացուցած էր մեր իրականութիւնն ու իսկական պատկերը, ինչ որ յստակ էր մեծամասնութեան մօտ։

Հայհոյախառն ու անհատականացած կարծիքներ գրողները ո՞ւր էին, երբ Արարատի խորհրդանշանը վերցուեցաւ տասնեակ տեղերէ։ Այդ արարքները Արարատը ծածկե՞լ էր թէ ոչ։ Բոլորն ալ լուռ էին, կը դիտէին, եւ ոչ մէկ ըսելիք ունէին, բայց երբ Արարատը սեւ կտաւով տեսան, ա՛յն ատեն զգացին գալիք արհաւիրքին տարողութիւնը։

Ո՛չ ձեր հայհոյանքները, ո՛չ ձեր սպառնալիքները եւ ո՛չ ալ ձեր անհեթեթ արտայայտութիւնները կրնան լռեցնել իմ եւ իմ նման հարիւրաւոր ու հազարաւոր ձայները։ Վերջապէս ազգադաւ, գունափոխ, հողատու, աննկարագիր եւ պատեհապատ ըլլալէն շա՜տ աւելի լաւ է դաշնակցական «շուն» ըլլալը՝ հաւատարիմ մնալով դաստիարակութեան ու երդումին։
Իմ հայրենիքս Վանն է ու Արցախը, ինչպէս Երեւանը։ Իմ մեծ հայրերս իրենց կամքով չհեռացան Արեւմտահայաստանէն։

Շատեր կրցան վերադառնալ Հայաստանի հանրապետութիւն, շատեր չեն կրնար, ուրիշներ ալ երազ ունին արմատներուն վերադառնալ։ Այդ վերադարձի տեսլականը ո՛չ ֆէյսպուքեան գրառումներ կատարողները եւ ո՛չ ալ ՔՊ-ական հալածանքները կրնան կասեցնել։

Դո՛ւք շարունակեցէք հայհոյել, իսկ ես ձեր «փողոցային» ու «անմակարդակ» մէջբերումները պիտի նետեմ «աղբանոց»-ը՝ շարունակելով տեսակէտս ներկայացնել։

Եթէ չէք ընդունիր ու չէք կրնար «մարսել», ապա հեռացէ՛ք էջէս, եւ ձեր «թմբուկով» ու թուխով թուրքին հետ «խաղաղութիւն» խաղացէ՛ք․․․

Իսկ ես հաւատարիմ կը մնամ դպրոցական օրերէս հայագիտական հիմնարկի օրերու ուսուցիչներուս, դաստիարակներուս, հերոսներուս ու նահատակներուս կտակին։

Այո՛, թո՛ղ նիկոլը ձեր «փրկիչ»-ը մնայ, իսկ Արարատը՝ Մերը, Արցախը՝ Մերը, Դատը՝ Մերը․․․

Ձեր «պաշտօնեաներով» ու զեղծարարութիւններով ապահովուած շուրջ 688 հազար քուէները չեն կրնար տասը միլիոն ազգին ճակատագիրը որոշել։
Հայաստանը մեր բոլորին Հայրենիքն է, ուր որ ալ ապրինք, ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուինք, ուզէք կամ չուզեք։

Պիտի չձգենք, որ հայու տեսակը կորսուի։ Այսքա՛ն։

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail