(Վերադարձուած արխիւներ – Archives retournées – Returned Archives:lousavor-avedis.org/?p=)
Սկիզբը՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Հազարաւոր դարերու ընթացքին մեր պապերուն կողմէ հեռուներ շպրտուած քարերը կամ սերմերը իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ հաւաքելու ժամանակը հասունցած է:
Ինչպէ՞ս, եւ ի՞նչ տրամաբանութեամբ:
Ի՛ հարկէ, անցեալի եւ ներկայի հաւատքի եւ կրօնի խնդիրներու արմատական ճանաչողութեամբ՝ որուն նախադրեալները ունինք այսօր:
Նախ ըսեմ, որ մարդկութիւնն ունեցած է եւ ունի կրօնական երկու հիմնական ուղղութիւն.
1.Արարչագործութեան մղող՝ վերանձնական-համամարդկային բարօրութեան մղող կրօն:
2.Եսակեդրոն կրօն՝ որու վերջնական նպատակն է սեփականացնել առաջիններու ձեռքբերումները, պատճառ դառնալով պատերազմներու, համատարած գաղթականութեան եւ ցեղասպանութիւններու:
Մեր պապերը միշտ ալ կողմ եղած են առաջին ուղղութեան՝ որմէ կը բխի համամարդկային սէրը, արարուած ամէն ինչի հանդէպ սէրը, երկիր մոլորակի բնութեան եւ միջավայրի հանդէպ սէրը՝ նաեւ այդ սէրէն բխող ստեղծագործական ոգին ու գործունէութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի զանազան եւ զարմանազան կրօնական ուղղուածութիւններուն՝ անոնք անխտիր միշտ ալ մաս կազմած են ու կը կազմեն վերոնշեալ երկու կողմերէն մէկուն, նշանակութիւն չունի թէ ի՞նչ անուան կամ դիմակի տակ, քրիստոնեայ թէ մահմետական, ալեւի կամ անկրօն-մատերիալիստ թէ հեթանոս:
Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կ՛ըսէ, ՛՛Բոլոր ուղղութիւններուն մէջ ալ կան բարիին ծառայող խոնարհներ՛՛:
Այնպէս որ, պէտք չէ՛ խուսանաւել այլ կրօնական ուղղութիւններու պատկանող մեր ազգակիցներէն, պէտք չէ՛ կողմնորոշուիլ զուտ ՛՛Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անդամ՛՛ ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքով, այլ պէտք է նկատի ունենալ իւրաքանչիւր անհատի կամ հաւաքականութեան գլխաւոր համոզմունքն ու մտածելակերպը, նաեւ անցած ուղին եւ այսօրուայ գործելակերպը:
Ի հարկէ սա մեզմէ կը պահանջէ բաւական լուրջ աշխատանք եւ ժամանակ, զոր պէտք չէ՛ խնայենք: Սա՛ է մեր ժամանակի պահանջը՝ ապագայի լուսաւոր տեսլականով ի սփիւռս եւ Արեւմտեան Հայաստանի:
Այսքանը՝ որպէս սկզբունքային մօտեցում:
Բաց եթէ չե՛նք գիտեր ՛՛հաւատք՛՛ եւ ՛՛կրօն՛՛ եզրերու բովանդակութիւնը՝ ապա առաջարկուած քննարկումը իմաստազուրկ կը դառնայ:
Հաւատք բառի հիմքն է ՛՛Հաւատուք՛՛, որ կը նշանակէ Հաւերէն կամ մեր նախնիներէն տրուածները մեզի: Ուստի հաւատքը վերացական եզր մը չէ, օտարներէն մեզի պարտադրուած ինչ որ ընկալում մը չէ՝ այլ դարերու խորքերէն մեզի հասած, մեր նախնիներէն մեզի փոխանցուած գիտելիք է, աշխարհընկալում, տիեզերաընկալում՝ եւ ըստ այնմ ալ ապրելաձեւ, նիստ ու կաց, մեր հասարակութեան անդամներուն կողմէ ընդունուած կարգ ու կանոն՝ մէկ խօսքով Մշակոյթ:
Կրօնը ՛՛կրաւն՛՛ նախնական ձեւին մէջ կը բացայայտէ ՛՛Կիր-Աւն՛՛ արմատները, որտեղ ՛՛Աբն՛՛ դարձած ՛՛Աւն ՛՛-ը (որմէ Հաւն-ը) մեզ արարող Հայրն է, իսկ ՛՛կիր՛՛-ը ոչ միայն կրել բայն է՝ այլեւ ՛՛կեանքի անընդհատական շրջապտոյտի իրողութիւնը՛՛, Արարիչ Հօր կողմէ արարուած շարունակական կեանքի իրողութիւնը:
Հետեւաբար կրօնը այն միջոցն է՝ որով կը կրենք ու կը պահպանենք, նաեւ կը շարունակենք Արարող Հօր իրագործումները, արարչական կեանքը:
Ուստի կրօնն ու անոր հիմքերը մարդկութեան տրուած են ի սկզբանէ՝ այսինքն 115.000 տարի առաջ, երբ արարուած է առաջին մարդու տեսակը, ցորենագոյն մարդը՝ Հայը: Եւ դարերու ընթացքին այդ կրօնին աւելցած են մեր պապերու ընկալումներն ու խորհուրդները մեզի՝ հաւատքի միջոցով:
Նախաքրիստոնէական հաւատալիքներէն թէեւ երեւութապէս շատ քիչ բան հասած է մեզի՝ բայց այսօր կրնանք հաւաստիացնել, որ բացայայատուած են անոնց գլխաւոր դրոյթները, ժամանակագրութիւնը, գործող անձերու ինքնութիւնը, իրադարձութիւններու հերթականութիւնը, առասպելներու միջոցաւ նախապատմութիւնը, եւայլն, որոնք անմիջականօրէն տեղ գտած են թէ՛ զրադաշտականութեան (որ մեր սկզբնական կրօնի արդէն կեղծուած ու աղաւաղուած տարբերակն է), թէ՛ յուդայականութեան, թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ մահմետականութեան մէջ՝ եւ հիմքն են այդ կրօններու, թէեւ աղօտ ու հնարաւորինս աղաւաղուած վիճակով:
Բայց մինչեւ քրիստոնէութիւն՝ մեր հնագոյն կրօնը Արարատեան դաշտավայրէն եւ Արցախէն ծայր արած Արիական երկու արշաւանքներու միջոցով հասած է Հնդկաստան, ու պահպանուեր է ներկայիս գործող հինդուիզմի մէջ:
Հայոց պատմական անցեալի մէջ նոյն հիմքերը ունեցած են այսպէս կոչուած Ուրարտական հաւատալիքները եւս:
Այօրուայ գործող կրօններէն Ալեւիութիւնը՝ որ տարածում ունի իր ակունք Բարձր Հայքէն մինչեւ Կիլիկիա, ամբողջ Փոքր Ասիայ եւ Սուրիա, նոյնիսկ Եւրոպա՝ այն եզակի կրօնն է, որուն մէջ առաւելագոյնս պահպանուած է մեր նախաքրիստոնէական հաւատքի կենսամտածողութիւնը, թէեւ այնտեղ ալ կան մութ մնացած հարցադրումներ՝ որոնց պատճառով ալ երկբեղկուած է եւ իր հոգեւարքը կ՛ապրի որպէս վարդապետութիւն:
Մենք շատ լուրջ ըսելիքներ ունինք թէ Ալեւիներուն, թէ՛ սնանկացած քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներուն, եւ թէ՛ մահմետական աշխարհին՝ զոր մարդատեաց ուժերը կ՛աշխատին գլտորել կործանարար եւ չհիմնաւորուած ծայրայեղականութեան գիրկը:
Ահա վերականգնելով մեր բոլորիս նախասկզբնական հաւատքի եւ կրօնի դրոյթները, եւ զուգահեռներ անցնելով ու համադրելով ներկայիս յայտնի հիմնական կրօններու տուեալները՝ վստահօրէն կրնանք պայմաններ ստեղծել ներդաշնակ, հաշտ ու խաղաղ կերպով միաւորելու բոլորիս ներուժը մէկ գերագոյն նպատակի համար, վասն մեր ազգի հոգեւոր խաղաղութեան եւ անքակտելի միասնականութեան, վասն մեր հայրենի երկրի ամբողջականութեան, եւ մարդկութեան համերաշխ գոյակցութեան:
Երեւան, 23/06/2016