Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆՆ Է – Երբ կը լսեմ կամ կը կարդամ որոշ «հեղինակաւոր» մարդոց, որոշ կուսակցական «ղեկավար»ներու եւ քաղաքական գործիչներու կորոնավիրուսի եւ տնտեսութեան վերականգնման մասին «խելացի» յայտարարութիւնները, շատ կը ցաւիմ,
Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Բեմ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Նամակ երկրէն
ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԻՒՆԸ ԲՈԼՈՐԻՆՆ Է
Երբ կը լսեմ կամ կը կարդամ որոշ «հեղինակաւոր» մարդոց, որոշ կուսակցական «ղեկավար»ներու եւ քաղաքական գործիչներու կորոնավիրուսի եւ տնտեսութեան վերականգնման մասին «խելացի» յայտարարութիւնները, շատ կը ցաւիմ, որ մեր երկրին մէջ այդպէս ալ ընդդիմութիւնը… չկայացաւ։ Ի վերջոյ՝ ուժեղ ընդդիմութիւն կը նշանակէ զգաստ եւ պատասխանատու իշխանութիւն։
Խորհրդարանէն ներս կամ խորհրդարանէն դուրս, տասնեակ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ կան, եւ մի քանիսն են միայն, որ խելամիտ առաջարկներ կամ ճգնաժամի լուծման հետաքրքրական տարբերակներ ներկայացուցած են։ Դիտեցէք քաղաքական դաշտը եւ պիտի տեսնէք, որ տարեց թէ նորելուկ ընդդիմադիրներ մեծաւ մասամբ զբաղած են թոյն թափելով, իշխանութիւններուն հայհոյելով, ֆէյք նիուզ տարածելով, բրովոկատիւ՝ գրգռիչ յայտարարութիւններ կատարելով, եւայլն…Իսկ աւելի «բարի»ները կը թուի թէ սովորական, մակերեսային քննադատութենէ զատ այլ կարծիք չունին։
Տեղ մը կը տեսնես, որ ընդդիմադիր ղեկավար մը պարտադիր lockdown-էն վայրկեան առաջ դուրս գալու եւ բնականոն կեանքի վերադառնալու մասին ճառեր կը խօսի աջ ու ձախ, եւ երկու շաբաթ յետոյ, երբ վերջ կը դրուի lockdown-ին, ճիշդ հակառակը կը պնդէ եւ անխոհեմ կ՚որակէ կառավարութեան որոշումը։
Ուրիշ մը երկրի տնտեսութիւնը անմիջապէս վերականգնելու պահանջ կը ներկայացնէ կառավարութեան, մոռնալով, անշուշտ, որ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի այս օրերուն, Հայաստանը եթէ անսահման քանակութեամբ նաւթի եւ ադամանդի պաշար ալ ունենայ, դժուար թէ կարենայ արագ ձեւով յաղթահարել տնտեսական այս տագնապը։
Տեղ մը կը տեսնես՝ գիտուն ընդդիմադիր մը կը խօսի դիմակներ կրելու եւ սոցիալական հեռաւորութիւն պահելու անհրաժեշտութեան մասին, բայց յանկարծ աղմուկ-աղաղակ կը բարձրացնէ, երբ պարետատունը խստագոյն քայլերով կ՚ուզէ պարտադրել դիմակ դնելն ու քաղաքացիներու անխոհեմ կուտակումները։
Կուսակցական ընդդիմադիր «ղեկավար» մը իշխանութիւններուն վրայ հազար ու մէկ մեղք բարդելէ յետոյ շատ լուրջ դէմքով խորհրդաւոր, մեռելատունէն նոր դուրս եկած մարդու դէմքով կը յայտարարէ, որ իշխանութիւններու գլխաւոր պարտականութիւնը այս օրերուն համավարակի տարածումը կանխել եւ երկիրը տնտեսական ճգնաժամէն դուրս բերել է։
«Չէ հա՜, լաւ որ յիշեցուցիք», կ’ուզես ըսել։ Ժողովուրդը մինչեւ հիմա կը կարծէր, որ իշխանութիւններուն գործը ֆութպոլի մրցումներ կամ պարահանդէսներ կազմակերպել է…
Ես դեռ չտեսայ ընդդիմադիր ուժ մը, որ փողոց իջնէր եւ քաղաքացիներուն եւ իրաւապահներուն հետ աշխատէր՝ համավարակի տարածումը կանխարգիլող միջոցառումներու գործադրման համար։
Ընդհակառակը, միայն բողոք, միայն թշնամութիւն, սուտ ու ճիշդ լուրերու մանիպուլացիայով՝ քաղաքացիներու մէջ ատելութեան սերմանում եւ հակաիշխանական տրամադրութիւններու բացայայտ եւ թաքուն հրահրում։
Կարծէք թէ այս համավարակը տունը մնացած ընդդիմադիրներուն բախտը բացած է եւ անոնք ուրախ են, որ երկիրը խորը ճգնաժամի մէջ ինկած է: Առիթն է, դանակները սրենք եւ յարձակինք Նիկոլին վրայ… որքան վատանայ երկիրը, այդքան լաւ է մեզի համար…
Սա է, այսօր, մեր ընդդիմադիրներուն մեծամասնութեան որակը։ Սա է մեր մակարդակը։
Սխալ չհասկնաք, ես իսկապէս բաւարարուած չեմ մեր իշխանութիւններու տարած աշխատանքով։ Բազմաթիւ են թերութիւնները։ Շատ են նաեւ սխալ որոշումներն ու առնուած քայլերը։ Ես ալ համաձայն եմ, որ երկրի մէջ տեղի ունեցածին եւ տեղի չունեցածին առաջին պատասխանատուն իշխանութիւնն է։
Իշխանութիւնը ուշ կամ կանուխ պատասխան պիտի տայ իր ըրած լաւ կամ վատ գործերուն, յաջող կամ ձախող աշխատանքներուն համար։
Բայց ըսել, որ միւսները պատասխանատու չեն, կը նշանակէ, որ միւսները ընդհանրապէս գոյութիւն չունին, անպէտք են։ Պատասխանատւութեան չափաբաժին ունի պետութեան մէջ գործող իւրաքանչիւր ֆիզիքական կամ իրաւական անձ։
Ի վերջոյ, միայն բռնատիրական-ամբողջատիրական համակարգերու մէջ է, որ միայն իշխանութիւնը, մինակը, քաղաքական եւ սոց-տնտեսական օրակարգ կը պարտադրէ, քանի որ ո՛չ ընդդիմութիւն, ո՛չ ալ քաղաքացիական հասարակութիւն կայ այնտեղ։
Հայաստանի մէջ, փառք Աստուծոյ, թաքուն եւ բացայայտ, հարուստ եւ ազդեցիկ ընդդիմադիրներու պակասորդ չկայ։ Եւ ասոնք ալ, ուշ կամ կանուխ, իրենց ըրածին եւ չըրածին համար պատասխանատւութեան պիտի կանչուին:
Իսկ երբ բոլորը կը յայտարարեն, որ կորոնավիրուսի ստեղծած ճգնաժամը համազօր է պատերազմական վիճակի, ուրեմն պատերազմին պէտք է մասնակցին նոյնպէս բոլորը՝ դիմադիրով եւ ընդդիմադիրով, թերով եւ դէմով։ Պատերազմի ժամանակ զինուորները ուս-ուսի կու տան՝ յաղթանակի համար։ Մեր մօտ, ցաւօք, այս օրերուն շատ են մէջքէն հարուածողները, կարեկցող դէմքերով կռնակէն դանակահարողները:
Բայց աւելի ի՞նչ կրնանք ակնկալել ընդդիմութենէ մը, որուն ղեկավարները կա՛մ բանտ նստած են՝ քրէական գործերու համար, կամ ալ երկրէն փախուստ տուած են եւ իրենց հազարումէկ մեղքերուն համար կը փնտռուին իրաւապահ մարմիններու կողմէ:
Ու հակառակ ասոր, կը շարունակեն դաւել պետութեան դէմ, այնպէս, ինչպէս ազգադաւ բոլշեւիկները ըրին 1920-ին:
Մնացած ընդդիմադիրները հրապարակը ժխորով լեցնողներն են, կամ՝ բանտարկուածներու կամ փախստականներու կողմէ ֆինանսաւորուողները:
Ի հարկէ, կան մի քանի ըննդիմադիր ճակատներ եւ փոքր կուսակցութիւններ, որոնք շատ աւելի լուրջ եւ աւելի կառուցողական կեցուածք ունին՝ արմատական ընդդիմութիւն ըլլալով հանդերձ, բայց ասոնք չունին փախստական «ընդդիմադիրներու» նիւթական հնարաւորութիւններն ու մեդիա միջոցները:
Ափսոս, որ ճգնաժամի այս օրերուն, մենք ոչ միայն ականատեսը կ’ըլլանք իշխանութիւններու թոյլ տուած տագնապի կառավարման (crisis management) սխալներուն, այլ նաեւ ահաւոր չափերու հասած վրէժխնդիր, յիշաչար եւ ոխակալ «ընդդիմադիրներու» դաւադիր գրոհներուն եւ հակապետական տեղեկատուական տեռորին:
Կարող եւ հմուտ իշխանութիւն ունենալու չափ կարեւոր է զգաստացնող եւ իսկական այլընտրանք հանդիսացող ընդդիմութեան գոյառումը Հայաստանի մէջ: Ցարդ, մեր ժողովուրդը այդ բախտին չէ արժանացած: Իսկ միւսները, ուշ կամ կանուխ, պատասխան պիտի տան բազմաչարչար մեր ժողովուրդին:
Րաֆֆի Տուտագլեան
Գրեցէ’ք ինծի՝
rafdoud@aol.com