Էրտողան Կը Փորձէ Ահաբեկել Հայ Դատի Գործիչները
19 ՅՈՒՆԻՍ 2020 – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ղեկավարած է իր աշխատակազմի խորհրդատուական մարմինի` մօտաւոր հինգ ժամ տեւած հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող քաղաքացիական գործիչներու դէմ ճնշումներ կազմակերպելու հարցը: Այսպիսով Էրտողան նախ եւ առաջ կը թիրախաւորէ եւ կը փորձէ ահաբեկել ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերը, որոնք ամբողջ աշխարհին մէջ տասնամեակներ շարունակ արդիւնաւէտ ձեւով կը պայքարին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար` օգտագործելով քաղաքացիական աքթիւիզմի գործիքակազմը:
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` դիմելով եւրոպական կառոյցներուն, որոնց կարգին` Եւրոպական խորհրդարանին, Եւրոպական Միութեան խորհուրդին, Եւրոպական յանձնաժողովին, Եւրոպական խորհուրդին, եւ կոչ ուղղած է` քայլերու ձեռնարկելու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ Հայ դատի գործիչներուն դէմ ուղղուած այլատեաց քաղաքականութեան նկատմամբ:
Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ. «Այս հանդիպումը, փաստօրէն, Էրտողանի` այս տարուան մայիս ամսուան կատարած յայտարարութեան տրամաբանական շարունակութիւնն է, երբ ան սպառնաց պայքարիլ «հայկական լոպի»-ին դէմ, որ անշուշտ, նախ եւ առաջ կ՛ընդգրկէ ամբողջ աշխարհին մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերը: Ասիկա անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ, ցաւօք, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը եւ հայերուն դէմ ատելութեան սերմանումը Թուրքիոյ պետական քաղաքականութիւնն են»:
«Այժմ Էրտողանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս եւ բացայայտօրէն որոշում տուած է ահաբեկման պետական քաղաքականութիւն վարել ամբողջ աշխարհին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքար մղողներուն դէմ: Սակայն, թրքական իշխանութիւնները պէտք է արդէն հասկցած ըլլային, որ Հայ դատի գործիչներուն դէմ ահաբեկումը` ինչպէս չէ գործած նախապէս, նաեւ պիտի չգործէ ապագային ալ: Ընդհակառակը, ասիկա նոյնիսկ ազդակ է` ալ աւելի աշխուժ գործունէութիւն ծաւալելու եւ յանուն արդարութեան հաստատման մեր ուժերը ալ աւելի միաւորելու: Այս հանդիպումը, սակայն, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ Էրտողանի կառավարութեան իրական դէմքը, եւ թէ ի՛նչ քայլեր առնելու ընդունակ է անիկա:
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, դատապարտումը, ինչպէս նաեւ հատուցումները համընդհանուր արդարութեան հաստատման խնդիր են: Թուրքիան ստիպուած է իր անցեալին հետ հաշուի նստելու: Այս է, որ Թուրքիայէն կը պահանջեն աշխարհի տասնեակ երկիրներու խորհրդարաններ, այդ կարգին նաեւ` Եւրոպական խորհրդարանը», ամփոփեց Կարապետեան:
aztagdaily.com/archives/475560