«Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Խնդիրին Մասին Հայաստանի Տեսակէտը Չափը Անցնելու Եւ Անպատասխանատուութեան Օրինակ Է» Կ՛ըսէ Աքսոյ
Որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնի մասին է ձեր խօսքը, եթէ դուք ձեր իսկ կողմէ ստորագրուած «Սեւրի դաշնագիր» միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն չեք յարգէր, ուրեմն ձեր ըսած խօսքերը «որոնք կը բխին միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն» անհեթեթութեան անպատասխանատուութեան չափ եւ օրինակ է:«lousavor-avedis.org»
That you are talking about the point of view of international law, if you did not respect the “Sevres Pact” signed by you from the point of view of international law, then your words “which come from the point of view of international law” are a measure of irresponsibility and nonsense. «lousavor-avedis.org»
18 ՕԳՈՍՏՈՍ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ ՀԱՅԵՐՍ:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարած է, որ Սեւրի դաշնագիրի վերաբերեալ Հայաստանի յայտարարութենէն ետք, այս անգամ արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ կարծիք յայտնելը «չափը անցնելու եւ անպատասխանատուութեան օրինակ է»: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը:
Յայտնենք, որ օրեր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը դատապարտէր արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի եւ սադրիչ գործողութիւնները եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած էր Յունաստանին եւ Կիպրոսին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտարարած է, որ Հայաստանը կը շփոթէ աշխարհագրութիւնը, եւ այստեղ խօսքը Միջերկրական ծովուն մասին է եւ ոչ թէ Սեւանայ լիճի:
«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Ֆրանսայէն ետք դէպի ծով որեւէ ելք չունեցող Հայաստանի` շրջանին մէջ խօսքի իրաւունք ունենալ կարծելը, ցոյց կու տայ Թուրքիոյ դէմ ստեղծուող ստոր դաշինքի չափերը: Ինչ ալ ըլլայ, Թուրքիան պիտի պաշտպանէ Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ իր եւ թուրք կիպրացիներու իրաւունքները, որոնք կը բխին միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ոչ մէկ չարի դաշինք կրնայ խոչընդոտել զայն: Անոնք, որոնք հակառակը կը պնդեն, ոչինչ սորված են պատմութենէն», նշած է Աքսոյ` դարձեալ ընդգծելով «Ազրպէյճանի կողքին մշտապէս կանգնած ըլլալը»:
aztagdaily.com/archives/480793