ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները Կը Կործանեն Երկիրներ, Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները – Բ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – Անդրադարձ. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգները Կը Կործանեն Երկիրներ, Տնտեսական Սիկարեանի Մը Խոստովանութիւնները – Բ

01 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020 – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԵԿՈՒՈՐ ՔՈՉՈՒՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ: – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հեղինակը՝ Ճոն Փըրքինզ (այսուհետեւ ՃՓ) նշած էր, որ 2004-ին, արդէն իրեն նմանները՝ աւելի մեղմ տիտղոսներով, տարածուած էին ամէնուրեք գերընկերութիւններու մէջ: Իսկ, թէ ինչպէ՞ս կրցաւ այս գիրքը հրատարակել, երբ իր իսկ խոստովանութեամբ, նախապէս, սպառնալիքներն ու կաշառքը տարհամոզած էին զինք: Առաւել եւս, երբ առաջին օրէն իրեն ըսուած էր, թէ՝ իր այս պաշտօնը ցկեանս է…

Հաւանական է, որ 29 հրատարակիչ այս գիրքը մերժելէն ետք, իր մատնանշած «քաջ» հրատարակիչէն անկախ, այս նիւթերուն բացայայտումը կը ծառայէր նա՛եւ իր ամբարտաւանութեան գագաթնակէտին հասած «տէրերուն» նպատակին: Այսինքն՝ նոր երկիրներուն ագահ իշխանաւորներուն համար, այս գիրքը ձրի սպառնալիք եւ խայծ էր, մտնելու այս քաոսային թակարդին մէջ եւ, իր ու մերձաւորներուն գրպանները լեցնել, հոգ չէ, որ իր երկիրը պարտքերու մէջ պիտի խեղդուի: Ասո՛ր համար հրատարակելուն արգելք չեղան: Այլ խօսքով, հաւանաբար, տակաւին ինք իր Տնտեսական Սիկարեանի՝ ՏՍ դերին մէջ է, ցկեանս: Հարցազրոյցին ընթացքին իր արտայայտութիւններն ու կեցուածքը՝ կերպարանքը կը հաստատեն այս:

1. Ձախին՝ Ճոն Փըրքինզ եւ Փաթրիք Պեթ Տէյվիտ, հարցազրոյցի պահուն

Պէտք է նշել նաեւ, որ այս հարցազրոյցին՝Եություպի ունկնդիրներէն, ցարդ 5177 անձ մեկնաբանութիւն կատարած է: Նշեմ նաեւ, որ այս հարցազրոյցէն շաբաթ մը առաջ՝ 6 օգոստոս 2020-ին, Փաթրիքը (այսուհետեւ ՓՏ), որուն յայտագիրը 2,5 միլիոնէ աւելի հետեւորդ ունի՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանին հետ հարցազրոյց մը ունեցած էր, Հայաստան Ազրպէյճան տագնապին մասին, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ՝ այժմ ինք Կլենտէյլ ապրող, Պարսկաստան ծնած կէս հայ, կէս ասորի է (4):

Հաղորդավար ՓՏ-ին առաջին հարցումն էր, թէ՝ ո՞ւր պէտք է դիմէ ՏՍ ըլլալու համար, որուն ՃՓ խնդալով պատասխանեց, թէ՝ բնա՛ւ չի յանձնարարեր այդ մէկը, քանի որ ինք կը խորհէր, թէ այդ էր իր երազած պաշտօնը, որ սակայն վերածուեցաւ իր մղձաւանջին: Ապա պատմեց, թէ ինչպէ՞ս ինք ՏՍ դարձաւ, (ամփոփ հատուածներ հարցազրոյցէն).

«Երբ համալսարանի առեւտրական ճիւղը աւարտեցի, չէի ուզեր, իբրեւ պարտադիր զինուորագրում՝ Վիեթնամի պատերազմին մասնակցիլ: Աներհայրս ծովուժի բարձրաստիճան պատասխանատուներէն էր եւ, Ազգային Անվտանգութեան Գործակալութեան (ԱԱԳ, NSA) բարձրաստիճան պատասխանատու մը՝ իր լաւագոյն բարեկամը ու, այնտեղ աշխատիլը կ՛արտօնէր, որ բանակ չմտնեմ: Ուրեմն, ան դասաւորեց հարցազրոյց մը, որ երկու օր տեւեց, մեծ մասը սուտ յայտնաբերող գործիքի մը կապուած:

«Անոնք երեք գլխաւոր թերութիւններս յայտնաբերեցին՝ սեռ, դրամ եւ հեղինակութիւն: Աւարտին՝ ան յանձնարարեց, որ նախ, շուրջ երկու տարի Խաղաղութեան Ջոկատին (Peace Corps) միանամ, համոզելով, որ հետաքրքրական գործ է, հարաւային Ամերիկայի Ամազոնի բնիկներուն մէջ աշխատիլ, լեզուներ սորվիլ եւ չարքաշ դառնալ, աւելցնելով, որ ի վերջոյ. «Հաւանաբար մեր մօտ չէ որ պիտի աշխատիս, այլ գերընկերութեան մը մէջ»:

«Եւ այդպէս ալ եղաւ: Երբ Ամազոնէն վերադարձայ, Չարլզ Թի Մէյն խորհրդատուական ընկերութիւնը (ելեկտրականութիւն արտադրելու ընկերութիւն՝ ամբարտակէն մինչեւ աթոմակայան կառուցող, Charles T. Main*) վարձեց զիս, ուր շուտով գլխաւոր տնտեսագէտը դարձայ: Իսկ, թէ՝ սեռի, դրամի եւ հեղինակութեան տիրացա՞ր հարցումին՝ ոչ պատասխանեց: Սակայն ան աւելցուց. «Օտար լեզու սորվեցայ, մշակոյթներու ծանօթացայ եւ դժուար պայմաններու մէջ տոկալու վարժուեցայ»:

ՓՏ – Որո՞նք էին ԱԱԳ-ի կարգ մը հետաքրքրական հարցումները:

ՃՓ – Կարծիքս հարցուցին Վիեթնամի պատերազմին մասին. սուտեր ստուգող գործիքին կապուած էի, ըսի, թէ փափաք չունիմ սպանելու մարդիկ որոնք ինծի չեն վնասած, կամ սպանուիլ անոնց կողմէ եւ, չեմ կարծեր, որ անոնք մեր երկրին վտանգ կը սպառնան: Միտքէս ըսի, որ ձախողեցայ… Այլ հարցում մըն էր, եթէ երբեք ոստիկանութեան հետ որեւէ հարց ունեցած եմ: Համալսարանական օրերուս, ընկերոջս հետ գինետան մը մէջ միջադէպի մը պահուն, ընկերս դանակ գործածեց եւ, երբ յաջորդ օրը մեզի ոստիկանատուն տարին, բոլորովին ստեցի, ըսելով, թէ բան մը չպատահեցաւ: Ապա, ուրիշ հարցերու մէջ նաեւ, սեռային եւ այլն, ոչ գոհացուցիչ պատասխաններ տուի: Սակայն ետքը հասկցայ, որ պատերազմին դէմ ըլլալս իրենց հոգը չէր, սակայն ոստիկանութեան ստելս, ճիշդ իրենց փնտռած անձն էր, որ համարձակութիւնը ունի ստելու: Այս, տեղի կ’ունենար 1968-ին եւ գիտէին, որ Վիեթնամի պատերազմը կորսնցուցած էին: Նաեւ, հետագային իմացայ, որ դանակող ընկերոջս իրանցի հայրը ԱԱԳ-ի մօտիկ զօրավար մըն էր:

ՓՏ – Ի՞նչ է պաշտօնը Տնտեսական Սիկարեանին:

ՃՓ – Պաշտօնական տիտղոսս աւագ տնտեսագէտ էր: Իմ խումբիս մէջ ունէի ինձմէ աւելի ուսեալ, բարձր մակարդակի մեծ թիւով մասնագէտներ: Իմ գործս էր գտնել երկիրներ, որոնք բնական պաշարներ ունին, որոնց մեր գերընկերութիւնները պէտք ունէին, օրինակ՝ քարիւղ, եւ համոզել իշխանաւորները, որ հսկայական գումարներ պարտքի առնեն Միջազգային դրամատունէն, կամ անոր արբանեակներէն: Սակայն, այդ գումարները տուեալ երկիրներուն չէին հասներ, այլ ուղղակի կ՛երթային ամերիկեան ընկերութիւններուն, որոնք այդ երկրին մէջ ենթակառոյցներ կը շինէին: Օրինակ՝ ելեկտրակայաններ, նաւահանգիստներ, ճամբաներ եւ այլն:

«Երկրին հսկայական պարտքին դիմաց գրաւականը՝ բնական պաշարն էր եւ մեր ընկերութիւնները հսկայական շահեր կ՛ապահովէին: Երբ այս համաձայնութիւնները կը կատարէի, համոզուած էի, որ նաեւ, ընդհանրապէս այս աղքատ երկիրներուն ժողովուրդը պիտի օգտուի: Այդպէս սորված էի համալսարանին մէջ եւ տնտեսական բնորդը ա՛յդ ցոյց կու տայ: Երբ ենթակառոյցներու վրայ ներդրում կը կատարես, Համախառն Ներքին Արդիւնքը (ՀՆԽ, GDP) կը բարձրանայ, եւ իրօ՛ք կը բարձրանայ: Սակայն, 10 տարի, որ այս գործին մէջ էի, տեսայ, որ աղքատներուն վիճակը չբարելաւուեցաւ, իսկ միջակ դասակարգը աւելի աղքատ դարձաւ: Մի՛այն սակաւաթիւ հարուստ ընտանիքներն էին, որ աւելի կը հարստանային:

«Վիճակագրութիւնները իրենց հասկացութենէն շեղած են: ՀՆԽ-ն իրականութեան մէջ կը ցոլացնէ մի՛այն հարուստներուն վիճակը, եւ ո՛չ թէ բոլոր ժողովուրդին: Օրինակ, հոս, Միացեալ Նահանգներուն մէջ (այսուհետեւ՝ ՄՆ) երեք անձեր՝ Ճեֆ Պեզոս, (Ամազոն ընկերութիւն՝ 205 միլիառի տէր*), Պիլ Կէյթս (Մայքրոսոֆթ՝ 117 միլիառ*) եւ Ուորըն Պաֆեթ, (ներդրող՝ 79 միլիառ*), միասնաբար, ամերիկացի ժողովուրդին հարստութեան կէսը ունին: Եթէ այս երեքը, անցեալ տարի 10 տոկոս շահեցան եւ, ժողովուրդին կէսը 3 տոկոս վնասեց, մեր ՀՆԽ-ն տակաւին ցոյց պիտի տայ շուրջ 5 տոկոս աճ:

«Ամազոնի շամանէն (բնիկ բժիշկ) սորվեցայ, որ գաղափարը կը կաղապարէ իրականութիւնը: Գաղափարը ճիշդ է, որ ենթակառուցուածքը ՀՆԽ-ն կը բարձրացնէ, սակայն բոլոր ժողովուրդը տնտեսապէս չօգտուիր անկէ եւ գրեթէ բոլոր պարագաներուն՝ ՀՆԽ-ի աճը սխալ կ՛ըմբռնուի: Երկար ժամանակ առաւ, որ այս իրողութիւնը հասկնամ: Հասկնալէս ետք սակայն, չուզեցի հաւատալ, քանի որ ահագին դրամ կը շահէի, առատ սեռային յարաբերութիւններ կ՛ունենայի, հեղինակութեան տիրացած էի ու նախագահներու հետ ժամանակ կ’անցընէի: Երբ հասկցայ, որ ըրածս աղքատներուն չէր օգնէր, չուզեցի ընդունիլ, խորհելով, որ «ամերիկեան երազը» կ՛ապրէի:

2. Միացեալ Նահանգներու ամենէն հարուստները ձախէն՝ Պեզոս, Կէյթս եւ Պաֆեթ:

ՓՏ – Ուրեմն, առաջին քայլն է գտնել երկիր մը, որ հարուստ ընթերք՝ բնական պաշար ունի եւ տնտեսապէս տկար է, որ Միացեալ Նահանգները կարենայ զայն շահագործել: Ի՞նչ է երկրորդ քայլը:

ՃՓ – Երկրորդը, ինծի պէս մէկը ղրկել, որ համոզէ երկրին նախագահը, կամ, նախարարը՝ այն անձը, որ կ՛որոշէ, որպէս զի հսկայական գումարներ պարտքի առնեն Միջազգային, Ասիոյ Զարգացման, կամ Միջամերիկեան դրամատունէն, կամ անոնց կազմակերպութիւններէն մէկէն. այդ գումարը օգտագործելու համար, ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ ենթակառուցուածքի շինարարութեան: Ուրեմն ծրագիրի մը թղթածրարը պատրաստած կ՛ըլլանք, որ շռայլ կերպով ցոյց կու տայ, թէ յաջորդող 20 տարիներուն տնտեսութիւնը մեծ թափով պիտի աճի:

ՓՏ – Այս համոզելու հոլովոյթը պարտադրողակա՞ն բնոյթ ունի, թէ՝ հեզասահ, սիրալիր ոճով կ՛ընթանայ:

ՃՓ – Այս բանալի հարցում մըն է: Մենք կը ներկայանանք գեղեցիկ ձեւով պատրաստուած թղթածրարով մը, որ տնտեսական շարժաբանական (kinematic), ուսողական նախատիպը ցոյց կու տայ, թէ՝ ինչպէս ճարտարարուեստը պիտի զարգանայ, եկամուտը պիտի աւելնայ եւ ամէն մարդ պիտի օգտուի: Ապա կ՛ըսեմ. «Եթէ այս պարտքը առնէք, ձեր ընտանիքը եւ բարեկամները, որոնք ընկերութիւններ, դրամատուներ, առեւտրական հաստատութիւններ եւ այլն, ունին, պիտի օգտուին»: Ապա – «միջանկեալ ըսեմ, որ մեր ընկերութիւնները պիտի վարձեն քու աներձագիդ շինարարական ընկերութիւնը, եւ քոյրդ, որ Ճոն Տիիր (հողագործութեան եւ շինարարական մեքենաներ*) ընկերութեան ներկայացուցիչն է, իրմէ ահագին մեքենաներ պիտի գնենք, եւ այս բոլորին, առանց սակարկելու պիտի վճարենք»: Անշուշտ այս մէկը կաշառք է, սակայն օրինաւոր է եւ հաշուապահութեան մէջ չերեւիր: Եթէ, օրինակ՝ մէկ միլիոն տոլար աւելի սուղ վճարած ենք գործառնութեան մը համար, առանց սակարկելու, կը նշանակէ, թէ՝ «խաբուած» ենք եւ ո՛չ թէ օրէնքը խախտած…

«Ապա կ՛ըսեմ. «Պարոն նախագահ, մոռցայ ըսելու, որ ձեր ընտանիքին եւ նախարարներուն զաւակները ձրի կրթաթոշակ պիտի ստանան, Ամերիկայի լաւագոյն համալսարանները ուսանելու, ամառները անոնց գործ պիտի հայթայթենք եւ, աւարտելէն ետք անոնց գործ պիտի ապահովենք»: Այո, ասոնք կաշառք են, սակայն մեր ընկերութիւնը մամուլին կը յայտարարէ, թէ՝ օրինակ. «Անցեալ տարի մէկ միլիոն տոլար կրթաթոշակի յատկացուցինք», սակայն չենք ըսեր, թէ՝ այդ ուսանողները կրթաթոշակի պէտք չունէին: Մենք փտածութեան դէմ շատ խիստ օրէնքներ ունինք, սակայն, զանոնք շրջանցելու ձեւերը գտած ենք:

«Իսկ եթէ նախագահը ըսէ, թէ՝ այս պարտքին տոկոսը պիտի վճարենք, որուն պատճառով կրթական, առողջապահական եւ ընկերային բնագաւառները պիտի տուժեն: Մեր պատասխանը կ՛ըլլայ այո՛ սակայն դուն եւ ընտանիքդ պիտի հարստանաք: Ապա կ՛աւելցնեմ. «Եթէ այս ծրագիրը չընդունիք, կը յիշէ՞ք ինչ պատահեցաւ Մոհամէտ Մոսատէղին (Իրանի վարչապետը, որ վար առնուեցաւ անկլօամերիկեան դաւադրութեամբ 1953-ին*), կը յիշէ՞ք Չիլիի նախագահ Սալվատոր Այենտէն (1973-ին իբրեւ թէ անձնասպան եղաւ, ամերիկեան պետական հարուածին պատճառով*), կը յիշէ՞ք Արպենզը ( Եագոպօ, Կուաթեմալայի նախագահը, որ ամերիկեան պետական հարուածին պատճառով 1954-ին վար առնուեցաւ*), կը յիշէ՞ք Նկօ Տին Տիէմը (Վիեթնամի նախագահը, որ 1963-ին սպանուեցաւ*), Լումումպան (Փաթրիս, անկախ Գոնկոյի առաջին վարչապետը, որ գնդակահարուեցաւ*):

«Այս բոլորը նախագահներ կամ վարչապետներ էին, որոնք մերժեցին ամերիկեան առաջարկը, եւ բոլորը սպանուեցան, կամ պետական հարուածի զոհ դարձան, վարագոյրի ետին գործող ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան անդամներուն կողմէ, որոնք «շնագայլեր» (jackals) կը կոչենք: Ուրեմն, այլ խօսքով, նախագահին կ՛ըսենք. «Եթէ ընդունիս մեր առաջարկը, դուն, ընտանիքդ եւ բարեկամներդ պիտի հարստանան: Իսկ եթէ մերժես՝ ողբերգական աւարտ պիտի ունենաս»: Ես բնաւ զէնք չեմ գործածած, սակայն ՍիԱյԷյ-ը միշտ մեր ետին է ու կը հետեւի:

«ՍիԱյԷյի առաջին դասական գործիչին տիպարը Քըրմիթ Ռուզվելթն էր (Kermit Roosevelt), որ 1953-ին պետական հարուածով մը վար առաւ Իրանի վարչապետ Մոհամէտ Մոսատէղը եւ իշխանութեան հասցուց Շահը («Էյճաքս Ajax գործողութիւն», որուն համար նախագահ Այզընհաուըր գաղտնաբար պարգեւատրեց Քըրմիթը: Հետագային, այս տիպը կրկնուեցաւ այլ երկիրներու մէջ*):

ՓՏ – Երկիրի մը օրինակը տուր, ուր աշխատանք տարիր: Եթէ ես նախագահ մը ըլլայի ինչպէ՞ս զիս պիտի համոզէիր:

3. Ճէյմ Ռոլտոս, Էքուատոր, եւ 4. Իր ջախջախուած օդանաւը 5. Օմար Թորրիխոս, Փանամա

ՃՓ – Ենթադրենք, որ դուն Գոլումպիոյ նախագահն ես եւ երկիրիդ (այս պարագային քարիւղի, այժմ արտադրութեան կէսը կ՛արտածուի դէպի ՄՆ*) պաշարներուն կ՛ուզենք տիրանալ: Քեզի ցոյց կու տանք շքեղ, պաճուճալի ուսումնասիրութիւններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ՝ ինչպէ՛ս երկիրը պիտի զարգանայ: Այս ուսումնասիրութիւնները կրնաս ցոյց տալ ժողովուրդիդ եւ լրատուամիջոցներուն, ներկայացնելով, որ ինչպէ՛ս այս պարտքերը առնելով, ամբարտակներ, ելեկտրակայաններ եւ այլն պիտի շինենք ու բոլոր երկիրը պիտի օգտուի:

«Իմ գործունէութիւնս ամիսներ, երբեմն տարիներ կը տեւէ, որուն ընթացքին որոշ մտերմութիւն կը ստեղծուի, ընթրիքներ, հաւաքոյթներ եւ այլն, ուր ներկայ կ՛ըլլան նաեւ նախագահին ուշիմ, մասնագէտ խորհրդականները, որոնցմէ շատեր մեր համալսարանները ուսանած են: Յարմար առիթին, այս հաւաքոյթներուն խօսակցութեան ընթացքին կը նշեմ, որ ցաւալի էր Սալվատոր Այենտէի վախճանը… Եւ անոնք կը հասկնան:

«Իրականութեան մէջ, ինչպէս գիրքիս մէջ նշած եմ՝ միայն երկու նախագահներ մերժեցին ամերիկեան առաջարկը: Ժողովրդավար կերպով ընտրուած Էքուատորի նախագահը՝ Ճէյմ Ռոլտոս (Jaime Roldos, 1940-1981*) եւ Փանամայի նախագահը՝ Օմար Թորրիխոս (Omar Torrijos, 1929-1981*): Անոնք բացարձակ ուղղամիտ ու պարկեշտ անձնաւորութիւններ էին:Անոնք գիտցան, թէ՝ ի՛նչ էր նպատակս, եւ մերժեցին: Անոնք կը հասկնային մերժելուն վտանգը եւ հրապարակաւ խօսեցան այս մասին, ժողովուրդին: Ու երկուքը, 1981-ին, իրարմէ երեք ամիս տարբերութեամբ, սպանուեցան փոքր օդանաւի կասկածելի արկածով: Փոքր օդանաւի արկածը սպանութեան «լաւագոյն» միջոցն է, որ ոճրագործին կողմէ հետք չի ձգեր: Սակայն, օդանաւերէն մէկուն շարժակին քննութիւնը Զուիցերիոյ մէջ, փաստեց, թէ՝ արկածը պայթումի հետեւանք էր եւ ոչ թէ՝ խանգարումի:

«Ռոլտոս, հազիւ 2 տարի է, որ նախագահ ընտրուած էր, նախապէս իրաւաբան եւ համալսարանի դասախօս, իր արդար նպատակն էր քարիւղի օտար ընկերութիւններուն, այս պարագային՝ ամերիկեան Թեքսաքոյին, շահերէն արդար բաժին հանել Էքուատորի ժողովուրդին, թէ ոչ պիտի պետականացնէր ընկերութիւնները: Չկրցայ տարհամոզել զայն:

«Ռոլտոսի ահաբեկումէն ետք, Փանամայի նախագահը՝ Թորրիխոս, հաւաքեց իր ընտանիքը եւ հրապարակաւ յայտարարեց. «Այսօր ՍիԱյԷյը եղբայրս՝ Ռոլտոսը սպաննեց եւ հաւանաբար յաջորդը ես պիտի սպանուիմ: Սակայն, մի՛ մտահոգուիք, քանի որ կեանքիս երազը իրականացուցի եւ Փանամա ջրանցքը ՄՆ-էն վերադարձուցի փանամացիներուն:

«Իսկ այս սպառնալիքը տակաւին կը շարունակուի ու նախագահներ շատ դժուարին կացութիւններու կը մատնուին»:

4 սեպտեմբեր 2020
Շար 2/3

* Լուսաբանութիւնները իմս

(1)  https://en.wikipedia.org/wiki/John_Perkins_(author)

(2)  https://www.youtube.com/watch?v=aLc3ehhPIKA

Գիրքը ներբերնել այստեղ (3)

(3)  https://resistir.info/livros/john_perkins_confessions_of_an_economic_hit_man.pdf

(4)  https://www.youtube.com/watch?v=h-Q-Cpk7nO0

aztagdaily.com/archives/483337

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail