Նամակ երկրէն – ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿՍ՝ ԲՈԼՈՐԻԴ – Րաֆֆի Տուտագլեան

Նամակ երկրէն – ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿՍ՝ ԲՈԼՈՐԻԴ – Րաֆֆի Տուտագլեան

02 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Նամակ երկրէն – Րաֆֆի Տուտագլեան – //ՆԱԽՈՐԴ// – ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՎԵՐՋԻՆ ՆԱՄԱԿՍ՝ ԲՈԼՈՐԻԴ

Րաֆֆի Տուտագլեան

Բազմաթիւ համախոհ եւ ընդդիմախօս ընթերցողներ, հետեւորդներ եւ ծանօթներ ինծի գրելով հարց կու տան, թէ ինչու՞ չեմ արտայայտուիր, կամ ինչու չեմ գրեր քաղաքական եւ այլ իրադարձութիւններու մասին։

Մէկանգամընդմիշտ յայտնեմ օրուայ խնդիրներու կապակցութեամբ տեսակէտս եւ ապա բացատրեմ, թէ ինչու՞ լուռ եմ վերջերս։ Եւ ինչու լուռ պիտի մնամ։

Նախ կրկնեմ այն ինչ արտայայտեր էի Նոյեմբեր 9-էն յետոյ.

Փաշինեանն ու իր քաղաքական թիմը պէտք է հեռանան։ Երեք տարի ամէն տեսակ քաջալերանք, ժողովրդային աջակցութիւն, զօրակցութիւն ստացած ղեկավարը ոչ միայն չկրցաւ իրականացնել համաժողովրդային յեղափոխութեան նպատակները՝ ազատ, արդար, մաքուր եւ ուժեղ Հայաստանի կառուցումը, այլեւ տանուլ տուաւ Արցախի պատերազմը եւ ստորագրեց պարտուողական խայտառակ փաստաթուղթ։

Այն յոյսը, որ արթնցած էր մեր մէջ յեղափոխութենէն յետոյ, եւ այն վստահութիւնը, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը տուած էր Փաշինեանին, մսխուեցաւ ու փոխարէնը ահաւոր մեծ հիասթափութիւնը աւերիչ ներկայութիւն դարձաւ մեր կեանքին մէջ։ Այո, ահաւոր է հիմա մեր վիճակը, շատ աւելի վատ՝ քան ասկէ 4 տարի առաջ։

Փաշինեանը պէտք է հեռանայ ու վերջ։

Իսկ ինչ կը վերաբերի փրկիչի դեռ ստանձնել ուզող քաղաքական դէմքերուն եւ ուժերուն՝ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, Լեւոն Տէր Պետրոսեան, Ծառուկեան, եւ ասոնց շուքին տակ հաւաքուած կուսակցութիւններուն, ըսեմ, որ ասոնք բոլորն ալ պատասխանատու են այսօրուան իրավիճակին համար։

Այս ուժերու 30 տարիներու իշխանութեան օրոք աւելի քան 1.5 միլիոն հայ հեռացաւ հայրենիքէն ու դարձաւ պանդուխտ, միլիառաւոր տոլարներ հոսեցան երկրէն դուրս՝ դէպի արտասահմանեան գաղտնի հաշիւներ, փոքրամասնութիւն մը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուց երկրի հարստութեան 90 տոկոսը, արդարադատական եւ ուժային համակարգերը դարձան այս փոքրամասնութեան ապօրինի գործառոյթները պաշտպանող կառոյցներ եւ շարունակաբար ճնշեցին մշակն ու բանուորը։

Ասոնց իշխանութեան օրերուն՝ 21-րդ դարու պահանջներուն համապատասխան չզարգացան պետական ինստիտուները, բանակը մնաց խեղճ ու թոյլ, մինչ Ադրբեջանի բանակը գերարդիական զէնքերով օժտուեցաւ։

Մեր տնտեսութիւնը չունեցաւ ամուր հիմքեր ու շարունակեց մեծապէս կախեալ մնալ պանդուխտ դարձած հայերու ուղարկած փողերէն եւ երկիրը աւերող հանքերէն։ Արցախի ազատագրուած տարածքները մնացին ամայի։

11 հազար քառակուսի քիլոմեթր հողի վրայ նոյնիսկ 150 հազար ժողովուրդ չկրցան հաւաքել այս փրկիչները։ Մի՛ խաբուիք Երեւանի կեդրոնի կառոյցներէն, այդ փողոցներուն մէջ ֆռֆռացող թանկարժեք աւտոմեքենաներու ներկայութենէն։

Գացէք արուարձաններ՝ ընդամէնը կեդրոնէն 5 քիլոմեթր անդին, գացէք Տաւուշի, Լոռիի, Շիրակի, Արցախի գիւղերը եւ պիտի տեսնեք իսկակա՛ն Հայաստանը՝ աղքատ ու խեղճ ժողովուրդով, դատարկ եւ առանց ճռագի մութ տուներով…

«Փրկիչ»ներու Հայաստանն է սա, 80-ականներու բանակով, մեծմասնութեամբ՝ աղքատ, փոքրամասնութեամբ՝ հարուստ ու կեղեքող, հաբռկած…

Այս Հայաստանը ստեղծողը հանրութենէն մերժուեցաւ բազմիցս, բայց կեղծելով ընտրութիւնները, շարունակեց կեղեքել ու հարստահարել երկիրը։

Շատերուն համար գուցէ փրկիչ են, բայց ոչ ինծի համար։ Այս փրկիչներուն երկրպագուները հեռու թող մնան ինծմէ։

Փրկիչները դեռ պիտի գան երեւի։ Պիտի գա՞ն արդեօք, վստահ չեմ։ Կան երիտասարդ, խելացի հայեր, գուցէ իրենք բան փոխեն…

Հիմա արդէն Հայաստանի շուրջ խաղը շատ աւելի մեծ է քան Նիկոլն ու Քոչարեանը, հիմա՝ ռուս-թրքական նոր պայմանաւորուածութիւններ կը ձեւաւորուին այստեղ, եւ մենք այդ խաղին մէջ ընդամէնը ճատրակի քար ենք՝ Նիկոլով, Քոչարեանով եւ ռուսական դպրոցներու քանակը հարիւրապատկել ուզող Ծառուկեանով։

Աստուած վերջը բարին ընէ։

Հիմա ըսեմ, թէ ինչու՞ քաղաքական թեմաներով սա վերջին հանրային գրութիւնս է, վերջին նամակս։ Հաւանաբար տեղեակ եք, որ ես վերջերս իբրեւ տնօրէն միացայ World Vision Armenia բարեգործական քրիստոնէական կազմակերպութեան։

Այս կազմակերպութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի թէ՛ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, թէ՛ պետութեան եւ թէ այլ բարեսիրական կազմակերպութիւններու հետ՝ Հայաստանի խոցելի ընտանիքներու եւ երեխաներու կեանքը բարելաւելու համար։

Կազմակերպութիւնը քաղաքականութենէ հեռու մնալու յստակ policy ունի եւ այդպէս ալ կը պահանջէ իր պաշտօնէութենէն, մանաւանդ՝ ղեկավարներէն։ Վերջին երկու ամիսներուն, երբ կը բանակցէի Ուըրլտ Վիժընի հետ, յստակ էր, որ պէտք է ընտրէի կա՛մ բարեգործական աշխատանքը, կամ՝ քաղաքականութիւնը։

Նախընտրեցի առաջինը, քանի որ զզուած եմ քաղաքական մարդոցմէ, հիասթափուած եմ բազմիցս, իտէալիստ ըլլալով՝ միշտ մնացած եմ մինակ իմ հաւատամքիս հետ։ Հիմա դարձեալ պիտի շարունակեմ աշխատիլ խոցելի խաւերուն հետ։ Իրակա’ն Հայաստանի հետ։

Սա չի նշանակեր, որ կարծիք չունիմ, հեռու կը մնամ ամէն ինչէ։

Ճիշդ է, բացայայտ արտայայտուելու հնարաւորութիւն չունիմ, բայց տեսակէտս կը յայտնեմ անհատական նամակներով, առնուազն բոլոր անոնց, որոնք կ՚ուզեն շարունակել մաքուր, անկեղծ, կիրթ եւ դաստիարակիչ բանավէճը։

Յուսամ կրցայ միտքերս բացատրել։

Ուրեմն՝ ի գործ։

Րաֆֆի Տուտագլեան

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail