Անդրադարձ – Հայաստանի Հանրապետութեան Քաղաքացիին Միակ Ողջմիտ Ընտրանքը – ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
25 ՄԱՅԻՍ 2021 – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Վերջապէս, երկար ջղապայքարներէ ետք, ՀՀ քաղաքացին իր առջեւ ունի երկիրը իր ներկայ փակուղիէն դուրս բերելու քաղաքական հզօր այլընտրանքը` յանձին «Հայաստան» դաշինքին, որ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի թեկնածութեան շուրջ կը համախմբէ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր համակիրներու զանգուածով եւ «Վերածնուած Հայաստան» կուսակցութիւնը:
Կրկնե՞նք անգամ մը եւս, որ կը գտնուինք ճակատագրական ժամանակներու մէջ: Կրկնե՞նք, որ ՀՀ քաղաքացիի այս քուէն պիտի վերջնականապէս ճշդէ հայ անկախ պետականութեան ճակատագիրը:
Ըսե՞նք, որ հայ ազգի զաւակները այլ պատեհութիւն չեն ունենալու իրենց քուէն տալու մեր երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրենց զաւակներու ազատութեան համար: Ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ այս եզրակացութիւնները արդէն իսկ ամէն հայ քաղաքացիի սեփականութիւնը պէտք է եղած ըլլան:
Միաժամանակ պէտք չէ զարմանալ, որ ՀՀ հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունենան կարծիքի բազմաթիւ շերտեր: Ընդհակառակն, պէտք է ողջունել այլակարծութեան խաւերու առկայութիւնը երկրի կեանքին մէջ եւ անոնց առողջ յարաբերակցութիւնը` ազգային բանավէճի դիրքերէն: Այս ընտրութիւնը մեր այս տարբերութիւններու ընդհարման բեմը չէ:
Մեր երկիրը առեւանգուած է Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգին կողմէ, եւ զայն վերագրաւելու առաջնահերթ խնդիրը ունի այսօր ՀՀ քաղաքացին: Նախ պէտք է վերականգնել ՀՀ ժողովրդավարութեան փուլ եկած շէնքը` տեղ բանալու համար մեր ազգային առողջ բանավէճին:
Առողջ քաղաքական դաշտը վաղուց դուրս թափած պիտի ըլլար նմանօրինակ տարրերը քաղաքական ուժերու դասաւորման ոլորտէն: Այն իրողութիւնը, որ անձեռնհասներու այս հաւաքածոն կրցած է վերապրիլ ՀՀ քաղաքական բեմին վրայ, ինքնին կը վկայէ, որ լուրջ բացեր գոյութիւն ունին ներկայ ժամանակներու հայ քաղաքական մտքի գործադաշտին մէջ: Փաստը այն է, որ անոնք իշխանութիւն են այսօր: Իշխանութի՛ւն, որ դարձաւ հայ անկախ պետականութեան պարտադրուած պարտութեան դժխեմ գործիքը եւ կը շարունակէ մնալ իշխանութեան վրայ եւ գործել իր աւերը… Այս իսկ մեզի ըսել կու տայ, որ իսկական մեղաւորը Փաշինեանը չէ այս պարագային: Մեղաւորը Փաշինեանի ամբոխավարութեան հետեւողներն են: Մեղաւորը այս մոլորութիւնը ազգին, թէկուզ` ակամայ, պարտադրողներն են, ինչպէս մարդկութեան առջեւ մեղաւոր են Հիթլերը իշխանութեան բերող Վայմարի Հանրապետութեան քաղաքացիները: Այսպէս է, երբ քաղաքացին իր քաղաքական դատողութիւնը կամովին կը յանձնէ իր զգացումները չարաշահողներուն: Վե՛րջ` այս անկումային իրավիճակին:
Այսօր հասած է վայրկեանը ազգային այս մեծ սխալը սրբագրելու: ՀՀ սրտցաւ քաղաքացիին համար միայն մէկ ողջմիտ ընտրանք գոյութիւն ունի ներկայիս այս թիւրիմացութիւնն ու չարիքը ՀՀ սահմանադրութեան գործիքներով կարենալ չէզոքացնելու համար: ԱՌԱՆՑ ՏԱՏԱՆՈՒՄԻ ԶՕՐԱՎԻ՛Գ ԿԱՆԳՆԻԼ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԴԱՇԻՆՔԻՆ: Զօրավիգ կանգնիլ, եթէ նոյնիսկ վերապահութիւններ ունիս դաշինքի թեկնածուին հանդէպ: Այդ տարբերութիւնները միշտ պիտի ըլլան եւ օրը-օրին պէտք է բերուին սեղան եւ համապատասխան լուծումներ գտնեն: Այսօր այդ վէճերուն ժամանակը չէ: Այսօր մենք մեր քուէն պիտի տանք միայն ու միայն «Հայաստան» դաշինքին: Քանի որ մենք մեր երկիրը ազատագրելու խնդիր ունինք: Մեր հայրենիքը փրկելու միակ ճանապարհն է ասիկա: ՀՀ քաղաքացին պարտական է ինքն իր առջեւ եւ ինքն իր սերունդներուն առջեւ Նիկոլ Փաշինեան աղէտը կասեցնելու: Եւ կասեցնելու` մեծագոյն վճռակամութեա՛մբ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերագտնել կորուսեալ սկիզբը եւ սկսիլ վերակառուցել մեր հայրենիքի ու անկախ պետականութեան ապագան: ԱՅԼ ԸՆՏՐԱՆՔ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՉՈՒՆԻ:
Յ. Գ.- Աւելցնեմ նաեւ, որ Փաշինեանէն յուսախաբ մեր ազգակիցներու ոլորտին մէջ կը խօսուի երրորդ ուժի տեսական կարելիութեան մը մասին: Պարզ խօսքով` ո՛չ ան, ո՛չ միւսը… այլ` երրորդ թեկնածու մը, որ գոհացնէ քաղաքական ճաշակը միջանկեալ ընտրազանգուածին: Այդպիսի ուժ, թէկուզ` տեսականօրէն փափաքելի, գոյութիւն չունի այսօր եւ չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Նմանօրինակ նախաձեռնութիւնը համազօր է քուէ տալու Փաշինեանին: Անհաւանական չէ, որ այդպիսի մարտավարութիւններու դիմէ Փաշինեանը` ի՛նք ցրուելու համար ընդդիմադիր քուէն: ՀՀ քաղաքացին պէտք է մերժէ այդ ախտաւոր փորձութիւնը: Այսօր Փաշինեանը պարտութեան մատնելու ժամանակն է, եւ այլ թիրախ չի կրնար գոյութիւն ունենալ ողջմիտ քաղաքացիին համար:
10 մայիս 2021
www.aztagdaily.com/archives/509882