Անդրադարձ – Անմիջական, «ակնթարթային» հակազդեցութեան համար ե՞րբ պիտի արթննանք, նաեւ մտածենք ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԻ՛ մասին – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
27 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝ :
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Երեքշաբթի, 25 մայիսին (երբ Հայաստանի մէջ ընտրապայքարի կաթսան կը մօտենար եռքի հանգրուանին), պաշտօնապէս հաստատուեցաւ, որ Հայաստան թափանցած ազերիական ուժերը հայ զինուոր մը սպաննած են Վարդենիսի սահմանային մէկ կէտին վրայ: Եթէ մինչեւ հիմա իշխանութիւնն ու այլք կը բաւականանային այն «յանկերգով», որ ազերիները «ապակառուցողական» են, իսկ մենք խաղաղարար մօտեցում ունինք, պիտի չտարուինք ազերիական գրգռութիւններով, ահա թշնամին նոր մակարդակի կը բարձրացնէ «Արցախի բեռներէն ձերբազատած» Հայաստանին նկատմամբ իր թշնամանքը, հողաշերտեր ու բնակարաններ բռնագրաւելէ անդին անցնելով` զինեալ յարձակումի կը հասցնէ:
Նախագահ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւն միաձայնութեամբ մտահոգութիւններ արտայայտեցին, կոչեր հնչեցին, որ զէնքի ընտրանքը մերժելի է. յետոյ ըսուեցաւ, որ «կացութիւնը հանդարտած է եւ վերահսկելի»: (Իսկ անցեալ շաբաթ հաւաստիք տրուած էր, թէ ազերիական թափանցող ուժերը «մեր ուժերու վերահսկողութեան տակ են»):
… Իսկ քանի՞ զինուոր պէտք է զոհ տանք, թափանցող «քանի մը հարիւր»-ը քանի՞ հազարի պէտք է հասնի, որպէսզի ԱԶԳՈՎԻՆ արթննանք եւ շարժման մէջ դնենք մենք մեզ: Որքա՞ն պէտք է սպասենք, որ մեր ժողովուրդին ֆիզիքական եւ մտային աչքերը բացուին, դառն իրականութիւնները տեսնենք իրենց իրական գոյներով եւ ԿԱՐԵԼԻ բոլոր միջոցներով նետուինք թշնամանքին հակազդելու, հակադարձելու պայքարին մէջ, սահմաններէն մինչեւ մայրաքաղաք, մինչեւ սփիւռքեան օճախներ (արդէն ամառ է, նստատեղիները առանց վառարանի ալ տաք են…): Մէկէ աւելի անգամ ակնարկութիւն եղաւ «ուժական միջոցներու դիմելու» ընտրանքին. երբ խօսքէ գործի չես անցնիր, «սպառնալիք»-դ կը դառնայ սնամէջ եւ, բնականաբար, կ՛անտեսուին թշնամիին կողմէ, զայն կը դարձնեն աւելի՛ ամբարտաւան:
Կրկնենք: Նման ոճիրներ բացայայտ մարտահրաւէր են բոլորիս, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան մօտակայ եւ հեռաւոր ափեր, որպէսզի ոտքի կանգնինք եւ աշխարհը ցնցումի ենթարկենք ցոյցերով, բողոքագիրներով, ինչո՞ւ չէ նաեւ` այլընտրանքային միջոցներով:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը լաւ գործ ըրաւ նոյն օրը` բողոքի ձայն բարձրացնելով ընդդէմ Ազրպէյճանին, որ «դատարան քաշած» է երկու հայ պատերազմական գերի: Նոյն բողոքի արտայայտութեան մէջ ինչո՞ւ նշումը չէր կատարուած քանի մը ժամ առաջ տեղի ունեցած սահմանային դէպքին: Ինչո՞ւ ասպարէզը բաց կը ձգուի Ազրպէյճանի քարոզչական մեքենային առջեւ, որ լուր կը տարածէ, թէ սահմանին վրայ ոչ մէկ դէպք պատահած է: Քանի՞ օր պէտք է անցնի, որ այս ոճիրը հնչեղ կերպով հասնի մասնաւորաբար բարեկամներուն եւ հաշտարարութիւն խաղացողներուն, չմնանք «մենք կ՛ըսենք, մենք կը լսենք»-ի կօշիկին մէջ: (Չենք մոռցած, որ պատերազմի դադարեցումէն քանի մը շաբաթ ետք, «գերիներու փոխանակման» ծիրին մէջ, Հայաստանի իշխանութիւնները Ազրպէյճանին յանձնեցին երկու ազերի, որոնք ՓԱՍՏՈՒԱԾ ՈՃՐԱԳՈՐԾՆԵՐ էին…):
Անմիջական, «ակնթարթային» հակազդեցութեան համար ե՞րբ պիտի արթննանք, նաեւ մտածենք ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՈՒՄԻ՛ մասին:
25 մայիս 2021
www.aztagdaily.com/archives/510081