Անդրադարձ – Մայիսեան Հերոսներու Ուղիով – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Անդրադարձ – Մայիսեան Հերոսներու Ուղիով – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝ :

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Տխուր է այս տարի մայիս 28-ը: Ինչպէ՞ս ուրախութեամբ յիշատակել այս պատմական եզակի փառապանծ թուականը, որ կը ներկայացնէ մեր անկախացած հայրենիքի առաջին հանրապետութեան ստեղծման խորհուրդը:

Այո՛, տխուր է այս տարի մայիս 28-ը, որովհետեւ տակաւին նոր հաւաքուած էինք հողին յանձնելու մեր ամէնէն նուիրեալ Արցախի համար իրենց կեանքը նուիրաբերած ընտիր հերոս երիտասարդները, տակաւին նոր, դժկամ պայմաններու տակ անարդարօրէն «յանձնուեցաւ» Արցախը մեր դարաւոր թշնամիին, եւ դժբախտաբար, տակաւին մեր հայրենիքին հողերը կը պղծուին առանց որեւէ դիմադրութեան… Մինչեւ ե՞րբ, մինչեւ ե՞րբ այս վախկոտ, տկար, ապիկար, ստրկամիտ հոգեվիճակը, որ երբեք չի կրնար համերաշխ ըլլալ մայիս 28-ի խրոխտ եւ հպարտ հոգեվիճակին հետ: Մայիս 28-ի պատգամը բոլորովին տարբեր էր. միասնականութիւնը օրուան կարգախօսն էր, իսկ գերագոյն զոհաբերումը` օրուան նշանաբանը: Երկու յատկութիւններ, որոնց կարօտով այնքա՜ն կը տոչորուինք այսօր:

Բարեբախտաբար, այս վճռադրոշմ պահերուն տակաւին շատ են «խենթերը», որոնք կը հաւատան միացեալ, ազատ, անկախ հայրենիքի տեսլականին, «խենթեր», որոնք կը հաւատան, թէ հայրենիքի համար զոհաբերութիւնը սրբազան արարք մըն է:

Մայիս 28-ի խորհուրդը ա՛յս պահուն պէտք է առանցքային դերակատարութիւն ունենայ. արդարեւ, հարկ է ըլլալ միակամ եւ զգօն` հետագայ աղէտներ դիմակալելու նպատակով: Համատարած արհաւիրքի եւ կործանումի տեսարանին լոյսին տակ մեր դիմաց կը պարզուին հրամայական առաջնահերթութիւններ` անյապաղօրէն եւ ինքնամոռաց նուիրումով պէտք է մեր բոլորին մտածման սեւեռակէտը, կեանքի ու գործի առանցքը դառնայ Հայաստանի հզօրացումը: Հայրենի հողը եւ մեր երկրի հողային ամբողջականութիւնը մեր գոյատեւման խարիսխն է բոլոր ժամանակներուն ալ: Ուստի, պաշտպանենք զայն` ինչպէս 1918-ի սերունդը մեզի սորվեցուց: Այո՛, պատմութեան խորհուրդով ոգեղինացած, դառնանք ջատագովը մեր ժողովուրդի միասնականութեան, բանիւ թէ գործով դառնանք հերոսներ` նուիրուած հայրենիքին եւ հայ ազգի պաշտպանութեան. յիշելով մայիսեան վեհերը` Արամը, Դրոն, Անդրանիկը, Քեռին, Նժդեհն ու Ռուբէնը, վերանորոգենք մեր ուխտերը մեր հայրենիքի, ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ` դառնալով գաղափարի նուիրուած զինուորներ, յարգելով կտակը մայիսեան մեր անմահ հերոսներուն:

Փա՛ռք եւ պատիւ ձեզի ներկայ թէ անցեալի քոյր ու եղբայրներ որ բոլորանուէր նուիրածութեամբ անխտիր ծառայեցիք, որպէսզի հայ ազգի զաւակներս շարունակենք մեր ընթացքը` ամէն բանէ վեր դաւանող Մայիսեան հերոսներու ուղիով:

www.aztagdaily.com/archives/510202

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail