Ալիեւ. «Մինչեւ Հիմա Չեմ Գիտեր Փաշինեան Անձնատուական Հռչակագիրի Ո՛ր Անկիւնը Ստորագրած Է»

Here is an ancient world map in the Italian city of Rome, showing neither today's Azerbaijan nor the Ottoman Empire and Republic of Turkey.

Ալիեւ. «Մինչեւ Հիմա Չեմ Գիտեր Փաշինեան Անձնատուական Հռչակագիրի Ո՛ր Անկիւնը Ստորագրած Է»

31 ՄԱՅԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մեկնած է Արցախ` ներկայիս Պաքուի կողմէ բռնագրաւուած Ակնա (Աղտամ) քաղաք, ուր շարք մը յայտարարութիւններ կատարած է:

Խօսելով Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասին` ան նշած է, որ պատերազմի ընթացքին առաջին անգամ «ազատագրուած» է Ջրականի (Ջաբրայիլ) շրջանը:

«Ապա Ֆիզուլին (Վարանդա), յետոյ Հադրութը, Մուրուվտաղը (Մռաւի լեռնաշղթայ), Սուղովուշանը (Մատաղիս), Զանգելանը (Կովսական), Կուբաթլին (Սանասար)… 10 նոյեմբերը Հայաստանի անձնատուութեան օրն է… Մինչեւ հիմա չեմ գիտեր, թէ Փաշինեան անձնատուական հռչակագիրի ո՛ր անկիւնը ստորագրած է», ըսած է Ալիեւ:

www.aztagdaily.com/archives/510353

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail