«Ղարաբաղեան Պատերազմի Ժամանակ Ամբողջ Ուժով Աջակցած Ենք Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

After visiting a 12th century church in occupied Hadrut, Azeri President Ilham Aliyev ordered the removal of medieval inscriptions, calling them “fake” (Video screenshot)

«Ղարաբաղեան Պատերազմի Ժամանակ Ամբողջ Ուժով Աջակցած Ենք Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ

27 ՅՈՒԼԻՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

Հայաստանի խնդիրը երեկ եւ այսօր․ պաշտպանություն եւ իրավունքների պաշտպանություն, 19 մայիսի, 2021

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ, որ այցելութեամբ կը գտնուի Ազրպէյճան, յայտարարած է, որ արցախեան պատերազմի ժամանակ իրենք ամբողջ ուժով աջակցած են Ազրպէյճանին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

«Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ մենք ամբողջ ուժով աջակցած ենք Ազրպէյճանին», ըսած է Քուրթուլմուշ:

Թուրք պաշտօնատարը ընդգծած է նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազրպէյճանի իշխող Նոր Ազրպէյճան կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները եւս զարգացած են:

«Յոյսով եմ, որ այցելութիւնը օգտակար պիտի ըլլայ երկու պետութիւններու եւ երկու կողմերու յարաբերութիւններուն տեսանկիւնէն: Վստահ եմ, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միացեալ ջանքերուն շնորհիւ այս շրջանին մէջ կայունութիւն եւ զարգացում պիտի ապահովուի», ըսած է Քուրթուլմուշ:

www.aztagdaily.com/archives/517003

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail