Անհաւասար Կռիւ, Չդրսեւորուած Պայմաններ, Ապիկարութիւն. Արցախի 80%-ը Բռնագրաւուած է – Յակոբ Պալեան

Map of historic Armenia

Անհաւասար Կռիւ, Չդրսեւորուած Պայմաններ, Ապիկարութիւն. Արցախի 80%-ը Բռնագրաւուած է – Յակոբ Պալեան

29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:

Hagop Balian – ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Մոլեռանդութիւնը կոյր է, ան կը դարձնէ խուլ եւ կոյր: Մոլեռանդը հարցումներ չ’ուղղեր, ան չի գիտեր թէ ի՞նչ է կասկածը. գիտէ, կը խորհի որ գիտէ:

Էլի Վեզէլ, (1928-2016), Խաղաղութեան Նոպէլեան դափնեկիր

Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր Հայաստանը ինչպէ՞ս պիտի դիմագրաւէ Արցախի զինու զօրութեամբ եւ բռնագրաւումով ստեղծուած կացութիւնը:

Մինսքի խումբի համանախագահները բանակցութիւնները կը վարէին երբ Արցախ անջատուած էր Ատրպէյճանէն, հիմա ինչպիսի տուեալներու հիման վրայ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին. նախկի՞ն, թէ՞ թուրք-Ատրպէյճանական նախայարձակման հետեւանքով ստեղծուած կացութեան:

Իրաւարարները պիտի ընդունի՞ն կատարուած իրողութեան փեչատող ըլլալ, այսինքն՝ գլխիկոր պիտի ենթարկուի՞ն Էրտողան-Ալիեւ զէնքի զօրութեան արդիւնքով ստեղծուած կացութեան եւ պիտի վաւերացնե՞ն բիրտ ուժի միջամտութեամբ հաստատուած (չ)իրաւունքը:

Ռուսիա որպէս պետական իրաւայաջորդ Խորհրդային Միութեան, հետեւաբար Ստալինի Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կցելու կամայական որոշման, պիտի ուզէ՞ պատմական եւ բնիկ ժողովուրդի իրաւունքի արդար իրաւարարը ըլլալ եւ վճռել, ձերբազատուելով Էրտողանի նոր բարեկամական ճնշումներէն:

Մինսքի խումբի համանախագահները, Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան եւ Ֆրանսան, որեւէ մէկէն աւելի գիտակից են Էրտողանի համաթրքական-օսմանական լայնածիր ծաւալապաշտութեան: Իրենց յիշեցնելու կարիք չկայ, որ եթէ այսօր չկանխեն վտանգը, ապագային ստիպուած պիտի ըլլան սուղ վճարելու:

Իսկ Հայկական Արցախը Էրտողանի կայսերական նկրտումներուն մանրանկար փորձադաշտն է, կշռելու համար Ռուսիոյ, Ամերիկայի, Եւրոպայի, եւ Մինսքի խումբին մաս չկազմող բայց վտանգի առաջին գիծին վրայ գտնուող արաբական աշխարհի պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ դիրքորոշումները:

Ճիշդ է, կան երկիրներու ղեկավարները, բայց կայ նաեւ անոնց հանրային կարծիքը, զոր պէտք է լուսաբանել: Հոն կարելի է գտնել վտանգին գիտակցող հայութեան բարեկամներ եւ Հայաստանի կարողական (potentiel) դաշնակիցներ: Այս այն պարագան է, ուր Սփիւռքը կրնայ կարեւոր դեր ունենալ եւ դառնալ քաղաքական-դիւանագիտական ազդու գործօն: Հայաստան պէտք է խորապէս գիտակցի այս կացութեան եւ Սփիւռքի դերին, առանց տեղական անհասկացողութիւններու պատճառով խափանելու այդ դերը:

Սփիւռքի ղեկավարութիւնները, գերանցելով եսերը, հին եւ նոր քէները, մրցակցութիւնները, բանիմաց եւ պատրաստուած ուժերով, պէտք է տանին միջազգային հանրային կարծիքի լուսաբանման աշխատանք, որպէսզի երկիրներու ղեկավարները անմիջական մեծ կամ պզտիկ շահերու առջեւ կանգ չառնեն, չկքին: Մանաւանդ ժողովրդավարական երկիրներու հանրային կարծիքը որոշիչ դեր ունի անոնց քաղաքականութեան մէջ:

Այս կ’ենթադրէ հեռանկարային աշխատանքի կազմակերպութիւն:

Հայաստան, որպէս երաշխաւորը Արցախի անվտանգութեան եւ ցարդ անտեսուած եւ մոռացութեան տրուած Ատրպէյճանի կողմէ պոկրոմի ենթարկուած, բռնարարքներու զոհ հայութեան, պէտք է կրկին հրապարակ բերէ Սումկայիթի եւ Պաքուի ցեղասպանական բնոյթով արարքները, բռնութեան հետեւանքով անոնց կորսնցուցած ինչքերու եւ աշխատաւորի իրաւունքներու հարցերը: Շուրջ կէս միլիոն հայերու բռնագրաւուած կալուածներու եւ ինչքի հարցերն ալ պէտք է սեղան բերել եւ հատուցում պահանջել, որպէսզի կարելի ըլլայ արդարութեան վրայ հիմնուած համակեցութիւնը:

Իրարմէ չեն անջատուիր Արեւմտահայաստանի հայոց մէկուկէս միլիոն զոհերու ցեղասպանութիւնը եւ հայրենահանումը, եւ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած Սումկայիթի ցեղասպանական նախճիրը եւ շուրջ կէս միլիոն հայերու երկրէն բրտութեամբ հեռացումը:

Կէս միլիոն հայեր, որոնք Ատրպէյճանի մէջ տուն ունէին, աշխատած էին, խնայողութիւններ ունէին, թոշակի իրաւունք, արդար հատուցում պէտք է ստանան: Միջազգային համայնքին պէտք է ներկայացուին թիւեր, վկայութիւններ, նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահներու դատին:

Այս աշխատանքը կարեւոր է միջազգային հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար, միջազգային համայնքը կանգնեցնելու համար իր պատասխանատուութեան առջեւ: Աշխատանք՝ որ սիրողական չէ, պէտք չէ ըլլայ: Ան պիտի ըլլայ քաղաքական պահանջներու անշրջանցելի պատուանդանը:

Պէտք է յիշեցնել, որ Պաքուի նաւթային հարստութեան տիրութեան, արդիւնաւորման եւ շահագործման մէջ բաժին ունէին նաեւ հայերը, եւ այդ իրաւունքները, յետխորհրդային սեփականաշնորհման ընթացքին, պէտք է վերադարձուէին իրաւատէրերուն, նաեւ՝ հայերուն:

Այսինքն, Արցախի իրաւ պատկանելիութեան, Սումկայիթի նախճիրի եւ կէս միլիոն հայերու իրաւազրկման հարցը որպէս մէկ ամբողջութիւն պէտք է միջազգայնացնել, եւ ՄԱԿը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, Միջազգային այլ հաստատութիւններ, դատարանները եւ աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչած ՄԵԾԵՐը դնել իրենց քաղաքական եւ բարոյական պատասխանատուութեան առջեւ:

Ծաւալապաշտը եւ յարձակապաշտը երեք չեն գոհանար եթէ չհանդիպին զիրենք կասեցնողի: Այս միտումը կը բացայայտուի այսօր Հայաստանի սահմաններէն ներս գտնուող այսպէս կոչուած Ատրպէյճանական անկլավներ կոչուած Ատրպէյճանի կազմի մէջ գտնուելու աշխարհագրութեան եւ պատմութեան հետ առնչութիւն չունեցող նախկին ազերիաբնակ գիւղ-քաղաք վերադարձնելու հարցով: Այդպէս է պարագան Տիգրանաշէնի, ազերիական անունով՝ Գեարգիի, ուր ապաստան գտած են Պաքուի փախստականները, քիմիական գործարաններու աշխատաւորներ, որոնք հոն ընելիք չունին, հողագործ չեն, անոնք մաս կը կազմեն այն կէս միլիոն հայերուն, ազերիներուն հետ համահաւասար իրաւունքներով նախկին խորհրդային քաղաքացիներ, որոնք փախչելով ազերիական խժդժութիւններէ, ապաստանած են Հայաստան:

Ատրպէյճանի կէս միլիոն հայերուն բնակած տարածքներն ալ միթէ՞ անկլավ չեն եւ պէտք չէ տալ… Հայաստանի, այսինքն՝ Պաքուի կէսը:

Վերջ պէտք է տալ աւազակային այն տրամաբանութեան, ըստ որուն, ինչ որ ինծի կը պատկանի իմս է, ինչ որ քեզի կը պատկանի ան ալ իմս է: Ա՞յս է սահմանազատման եւ սահմանագծման արդարութիւնը, եւ Հայաստան, պարտուածի տրամաբանութեամբ, իր անվտանգութիւնը եւ ապագան մնայուն վտանգի ենթարկելով, կրնա՞յ մտնել նման խայտառակ քաղաքական կոչուած խաղերու մէջ:

Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ըլլալու համար օրէնքի պետութիւն, այս հարցերը պէտք է վճռեն միջազգային ընդունուած օրէնքներու շրջագիծին մէջ: Իսկ Մինսքի խումբի համանախագահները, քաղաքական մեծ եւ հեռանկարային իմաստութամբ, հասնելու համար ճշմարիտ խաղաղութեան, հարցերուն պէտք է տան արդար եւ ընդհանրական լուծում, եւ այդ լուծումները պարտադրեն, ինչ որ այլապէս կարեւոր է, վերջ տալու կամար ամէն կարգի անբարոյ քաղաքական յարձակապաշտութիւններու:

Այս կ’ըլլայ, բոլորին համար, արդար եւ յարգելի ըլլալու ճանապարհը, միշտ կրկնելով, որ պէտք է առաջնորդուիլ ո՛չ թէ յաւելեալ իրաւունք ձեռք բերելու ճապկումներով, այլ յաւելեալ պարտքի եւ պարտաւորութեան բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ, եւ եթէ գիտակցութիւնները չեն բթացած, յիշել Էլի Վեզելի իմաստութիւնը. «Մոլեռանդութիւնը կոյր է, ան կը դարձնէ խուլ եւ կոյր: Մոլեռանդը հարցումներ չ’ուղղեր, ան չի գիտեր թէ ի՞նչ է կասկածը. գիտէ, կը խորհի որ գիտէ»:

Լսել այս պարզ ու ջինջ իմաստութիւնը, ճիշդ մտածելու եւ արդար ըլլալու համար:

Այլապէս միշտ հարցական պիտի ըլլան համակեցութիւնը եւ խաղաղութիւնը:

Եւ ծաւալապաշտ պատերազմի հրձիգները պիտի շարունակեն սպառնալ խաղաղութեան եւ ընդհանրապէս՝ կեանքին:

Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր դերը՝ ամէն կարգի փուչիկ ամբոբոխահաճութիւններէ անդին, ներսը եւ դուրսը. ամենայն լրջութեամբ վաղուան մասին մտածել, այն վաղուան՝ որ Հայաստանի գոյութիւնն է, գալիք սերունդներու որպէս հայ ազգ տեւականացումը, շարունակութիւնը:

Այս ընելու համար պէտք է լսել Երկրորդ Համաշխարհայինի պարտութիւն մերժած իսկական մեծ հերոս Ունիսթըն Չըրչիլի խօսքը. «Պարտութեան դէմ մէկ պատասխան կայ, յաղթանակը»:

Որուն համար պէտք է եսերը գերանցել, միանալ, կազմակերպուիլ: Չի բաւեր յուզել եւ յուզուիլ խօսելով եռամիասնութեան մասին, այլ՝ զայն իրականացնել:

HISTORY – CULTURE – Urartu-Era Artifacts Discovered in Yerevan

yerakouyn.com/2021/08/27/անհաւասար-կռիւ-չդրսեւորուած-պայմանն/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail