ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ – Էրտողանեան Ծրագիրներն Ու Փորձերը Կովկասը Թրքացնելու , Թուրանական Կայսրութեան Հիմնաքար Դարձնելու Ալիեւի Հետ

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ – Էրտողանեան Ծրագիրներն Ու Փորձերը Կովկասը Թրքացնելու , Թուրանական Կայսրութեան Հիմնաքար Դարձնելու Ալիեւի Հետ

09 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԿարդալ նաեւ՝:

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Թուրքիոյ ինքնակոչ «սուլթան» Էրտողանի ծրագիրներն ու անզուսպ տենչանքը` ընդլայնելու թրքական ազդեցութիւնը Կովկասի մէջ, պիտի յանգին ռազմավարական հաւասարակշռութեան խախտման` տարածաշրջանին մէջ: Անիկա պիտի առաջնորդէ աւելի մեծ խառնաշփոթի` մտահոգութիւն պատճառելով Ռուսիոյ եւ Իրանի: Անոնք ստիպուած պիտի ըլլան պատասխանելու թրքական ծաւալապաշտութեան եւ թուրք-ազերի ռազմական համագործակցութեան` երկկողմ դաշինքով, ռազմավարական համաձայնագրի ստորագրութեամբ, անցեալ 15 յունիս 2021-ին: Այսինքն թրքական դերին ընդլայնումը կու գայ ռազմականացնելու տարածաշրջանը` վերջ դնելով հայերու եւ ազերիներու միջեւ յարաբերութիւններու հանդարտեցման փորձերուն:

Թուրքիոյ դիրքերուն ամրապնդումը Ազրպէյճանի մէջ ու մանաւանդ Թուրքիոյ «ժիհատիստ» ահաբեկիչներու տեղափոխումը Ղարաբաղ` պիտի յանգի հաւասարակշռութեան խախտման` սպառնալով Ռուսիոյ ջանքերուն` խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ: «Ժիհատիստ»-ներու տեղափոխումը Ռուսիայէն եւ Լիպիայէն դէպի Ղարաբաղ տարածաշրջանը կը դարձնէ ահաբեկչութեան կեդրոն, որ վտանգաւոր պիտի դառնայ հայկական, ռուսական, իրանական, ազերիական ազգային անվտանգութեան համար, ինչպէս նաեւ սպառնալով շրջակայ բոլոր եկիրներուն` Կովկասի մէջ:

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ յառաջդիմութիւն (Իսլամ թուրք եղբայրներ) կուսակցութիւնը ունի ազգայնական-օսմանական արմատներ (նէօ-օսմանիզմ): Ան կը միտի տարածուելու թրքազգի ժողովուրդներու մէջ, որոնք կ’ապրին նախկին Խորհրդային Միութեան եւ Միջին Ասիոյ տարածքներուն վրայ, կոչ ընելով հիմնադրել համաթուրանական միութիւնը կամ «Մեծն Թուրքիան»: Այսօր Թուրքիա կ’օգտագործէ Ղարաբաղի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ իր ռազմական յաղթանակներուն քարտէսը` իր հեղինակութիւնը բարձրացնելու թրքազգի ժողովուրդներուն մէջ, վերջ տալու անոնց տեղական-ազգային ինքնութեանց: Թուրքիան մեծ յաջողութեան հասաւ Պաքուի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ` հիմնելով միացեալ տարածք մը, զոր կոչեց «Մէկ ժողովուրդ երկու պետութեանց մէջ…»: Զարմանալի է, որ այս կը հակասէ ազերիներուն պնդումներուն, թէ իրենք Կովկասցի են ծագումով… Ազրպէյճան կը յայտարարէ իր «պատմական իրաւունք»-ի մասին Ղարաբաղի հանդէպ, սակայն այս պնդումները կը հակասեն թուրանական հասկացողութեան… Պաքու չ’անդրադառնար Թուրքիոյ հետ մերձեցման վտանգներուն:

Թուրքիոյ վայրագ ոտնձգութիւնները եւ Եւրոպայի լռութիւնը Թուրքիոյ ծաւալապաշտութեան հանդէպ` կը հաստատեն, որ խաղաղութեան երաշխիքը Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահ ուժերն են: Շնորհիւ այս ուժերուն` Ղարաբաղի բնակչութեան մէկ-երրորդը իրենց տուները վերադարձաւ: Հիմա, ռուսական զօրքերը կ’օգնեն հայ բնակիչներու բնակարաններու եւ կեանքի վերակառուցման` պահպանելով զանոնք ոտնձգութիւններէ:

www.aztagdaily.com/archives/521757

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail