Կանխարգիլել Թուրանական Կամուրջի Կառուցումը* – ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
28 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցի նշումը չի նմանիր մեր մղած նախորդ պատերազմներու հերթական տարեթիւերու նշումներուն: Նախորդները` Սարդարապատէն սկսեալ, անցնելով Արցախեան պատերազմ, Շուշիի ազատագրում մինչեւ Քարվաճառ ու տարբեր ռազմաճակատներ բոլորը յաղթական աւարտ ունեցած են: Եւ բոլորին պարագային, ոգեկոչելով հայրենիքի ազատագրութեան ճամբուն վրայ ինկած բոլոր նահատակները, մենք տօնած ենք մեր յաղթանակները:
Նոյնիսկ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, հակառակ դիրքային կորուստներու, այդուհանդերձ կասեցուց թշնամիին յառաջխաղացքը` փրկելով Արցախի Հանրապետութիւնը:
Հիմա ծանր են պայմանները. ունինք տարածքային կորուստ. մեր հայրենիքի մէկ կարեւոր հատուածը անցած է Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Ունինք բազմահազար հաշուող երիտասարդ կեանքերու կորուստ: Տեղահանութիւն, գաղթականութիւն, հաշմանդամ երիտասարդ կեանքեր, կրօնամշակութային եւ քաղաքակրթական դարաւոր արժէքներու անհետացման, վերացման անմիջական սպառնալիք:
Ընդունիլ այս բոլորը, համակերպիլ նոր իրավիճակին` կը նշանակէ չյարգել մեր նահատակներուն յիշատակը: Բռնագրաւուած տարածքները համարել ազրպէյճանական` կ՛ենթադրէ ուրանալ հերոսներու սխրանքը: Չպայքարիլ անոնց վերատիրացման համար` համազօր է անոնց թողած պատգամին ժխտումին:
Եւ ամէնէն շատ ա՛յս գաղութը, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը` ուսանողական թէ երիտասարդական շարքերէն անցած, գիտէ ի՛նչ կը նշանակէ հայրենիքի եւ ազգային իրաւունքի համար նահատակութիւնը: ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի շարքերը խտացուցած տղաքն էին, որ, թողած աշխատանք եւ ուսում, պահեցին մեր համայնքը, մեր թաղերը, մեր ժողովուրդը: Ազգ- բանակ տոքթրինի մանրանկարը իրականացաւ մեր թաղերուն մէջ, երբ բոլորը` իբրեւ հայահոծ թաղերու բնակչութիւն, զինուորագրուեցան Դաշնակցութեան դրօշին տակ` ստանձնելու ապահովութիւնը, մատակարարելու ջուրը, հացը, դարմանելու վիրաւորները, սահմանագծելու այն տարածքը, ուրկէ ասդին որեւէ ոտնձգութիւն կ՛արգիլուէր եւ համարժէք պատասխան կը ստանար:
Այս մէկութեան, համայնք-բանակի այս գաղափարական հիմքի կայացման գաղտնիքը ներհամայնքային միասնականութիւնն էր: Այնտեղ գոյութիւն չունէր բաժանարար գիծը. չկային նախկինի ներկայի արուեստական վէճեր, փոխմեղադրանքներ, պիտակաւորումներ, վիրաւորանքներ եւ դասակարգումներ: Կար մէկ նպատակ` փրկել համայնքը, գաղութը եւ այդ նպատակին համար գոյացած էր համախումբ աշխատանքը, ցանցային կառոյցը:
Այո՛, լիբանանահայ երիտասարդն էր, որ ոչ միայն գաղափարական տեսութիւնը իւրացուցած էր հայրենիքին համար ամէն ինչ զոհելու, այլ գործնական փաստերը տուած այդ տեսլականի իրականացման ի խնդիր: Հայկական թաղամասերու պաշտպանութիւնը սուղ արժեց մեր գաղութին, որ տուաւ իր ազնուագոյն երիտասարդներու կեանքերը: Կեանքերու գնով գաղութը պահեց իր համասփիւռքեան եւ համահայկական գործառոյթները:
Այո՛, ԼԵՄ-ի եւ Զաւարեանի շարքերէն էին արցախեան ազատամարտին մասնակիցները, ռազմաճակատ մեկնողները եւ Արցախի ազատագրութեան համար նահատակուողները:
Թէ՛ Արցախ աշխարհը` Շուշիէն մինչեւ Քարվաճառ ազատագրողները, թէ՛ ապրիլեան պատերազմը կերտողները, եւ թէ 44-օրեայ պատերազմին նահատակները կը կազմեն մէկ ամբողջութիւն: Այդ ամբողջութեան մաս կը կազմեն նաեւ Լիբանանի գաղութը պաշտպանած եւ ինկած ԼԵՄ-ականներն ու զաւարեանականները. այդ ամբողջութեան մաս կը կազմեն Պոլսոյ պողոտաներէն մինչեւ Աւստրալիա եւ Լիզպոն իրենց արեամբ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան ճամբայ հարթած մեր նահատակները:
Բոլորը ռազմաճակատներ են. բոլորը` պատերազմի առաջնագիծեր: Այդ ճակատումներուն բոլորը չեն, որ յաղթանակի պսակով աւարտած են, սակայն նահատակուողները անպայման լուսաւորած են վաղուան մեր յաղթանակը:
44-օրեայ պատերազմին եւս լիբանանահայութիւնը ունեցաւ նահատակներու փաղանգին իր ներկայացուցիչները: Պատանեկանի եւ ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ հայրենիքի համար նահատակուելու գաղափարը իւրացուցած հերոսներն էին անոնք, որոնք փութացին ազատագրելու Վարանգաթաղ բարձունքը:
Տարածքներու կորուստը կամ պատերազմի պարտութիւնը չի նշանակեր, սակայն, որ հազարաւոր նահատակները իրենց կեանքը անիմաստ տեղ զոհեցին: Երբե՛ք: Նահատակներու սխրանքին շնորհիւ է, որ այսօր փրկուեցաւ Արցախի մնացեալ մասը, իրենց շնորհիւ է, որ կը շարունակէ գոյատեւել մեր Հանրապետութիւնը:
Բայց մանաւանդ անոնց շնորհիւ է, որ վառ կը մնայ հայրենիքի կորուսեալ տարածքներու վերատիրացման համար անտեղիտալի պայքարը շարունակելու պահանջատիրութիւնը:
Խորհուրդ կա՛յ, հասարակաց խորհուրդ մը Լիզպոնի մէջ ուժանակներուն կոճակներու սեղմումով թէ Արցախեան ճակատներու վրայ դիրքերը չյանձնելու որոշումով իրենք զիրենք պայթեցնող նահատակներու արարքներուն մէջ: Լիզպոնի ուժանակները կամ արցախեան դիրքերուն վրայ իրենց կեանքերուն վերջ դնողները գիտէին, թէ անմիջական յաղթանակի համար չէ, որ կը կատարէին իրենց գերագոյն զոհաբերութիւնը: Բայց թէ՛ Լիզպոնի հերոսները, թէ՛ ապրիլեան քառօրեայի եւ 44-օրեայ պատերազմի անձնուրացները կը մաքառէին մինչեւ վերջին շունչ վաղուան հայրենիքին համար: Այն հայրենիքին, որուն սահմանները Արցախով եւ Արեւմտահայաստանով են, եւ որ ամբողջական է ու միացեալ:
1983-ին հայրենիքէ հեռու նոյն նպատակին համար կը պայթէին ռումբերը: 1988-ին նոյն հայրենիքին համար կը սկսէր ազատամարտը: 1992-ին նոյն հայրենիքի սահմաններու ընդարձակման համար կ՛ազատագրուէր Շուշին: Հայրենիքի անսասանութեան համար 2016-ին գոյամարտ կը մղէին հայկական բանակները, եւ 2020-ին հայրենիքը թշնամիին չյանձնելու համար կը նահատակուէին հազարաւոր զինուորները:
Ազրպէյճանը չէր, որ կը յաղթէր հայկական զինեալ ուժերուն: Պատերազմի ձեռնարկած էր Թուրքիան, սպառնացած, սպառազինած իր կրտսեր եղբայրը, իր սպայակոյտն ու զինուորները ուղարկած Արցախ, տրամադրած վերջին արդիական զինուժը եւ ղեկավարած պատերազմը:
Թուրքիան էր, որ կը պատերազմէր Արցախի դէմ: Ազրպէյճանը փաստօրէն չէր յաջողած եւ պիտի չյաջողէր տարածք գրաւել, եթէ չըլլար ՕԹԱՆ-ի երկրորդ ուժի ներգրաւումը այս պատերազմին: Թուրքիան էր, որ Ազրպէյճանին կը յորդորէր, կը քաջալերէր եւ գործնապէս կը սատարէր ֆոսֆորային զէնք գործածելու, հայ անզէն բնակչութեան ու բնակավայրերը ռմբակոծելու եւ զինուորական ոճիրի բոլոր բաղադրիչները գործադրելու Արցախի հայութեան դէմ: Թուրքիան էր, որ վարձկան ահաբեկիչներ կը տեղափոխէր պատերազմի դաշտ:
Այս պատերազմը մղելով, Անգարան կը նպատակադրէր ոչ միայն թափանցել հարաւային Կովկաս, այլ նաեւ տարածաշրջանի ռազմաքաղաքական քարտէսը փոխել, բանալ սահմանները եւ մանաւանդ` Նախիջեւանը կապել Ազրպէյճանին: Թուրանական հին ծրագիրն էր, որ վերստին կեանքի կը կոչուէր` Թուրքիան Նախիջեւանով եւ Զանգեզուրի ճամբով կապելու Ազրպէյճանին եւ անկէ նաեւ թրքախօս թրքացեղ երկիրներուն:
Այն ծրագիրը, զոր դարերէ ի վեր կը փայփայէր օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիան այժմ գործի կը դրուէր էրտողանական Թուրքիոյ կողմէ: 1918-ին Սարդարապատի հերոսները կասեցուցած էին թուրանական յառաջխաղացքը: Թուրանականները 103 տարի ետք վերստին կը փորձեն իրենց ձախողած արշաւանքը:
Հիմա յայտարարուած է քաղաքական պատերազմ Հայաստանի դէմ: Ապաշրջափակման եւ խաղաղութեան հաստատման անուան տակ թուրանական կամուրջի կառուցումն է, զոր կ՛առաջադրէ Անգարան: Հայկական կողմի երկխօսելու առաջարկին մասին բարձրաձայնելով, Անգարան նոր նախապայման կը դնէ յարաբերութիւններու հաստատման համար: Զանգեզուրի միջանցքի պայմանը, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ դարերէ ի վեր երազուած թուրանական կամուրջը:
Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի պահանջէ եւ հայկական պատմական տարածքներու պահանջատիրութենէն հրաժարում եւ այժմ Զանգեզուրի միջանցքի տրամադրում: Ահա Անգարայի վերափոխուած նախապայմանները ապաշրջափակելու համար Հայաստանը:
Ապաշրջափակում եւ խաղաղութիւն` այո՛, բայց նախ ռազմագերիներու եւ նահատակուած զինուորներու աճիւններու հայրենադարձում:
Սահմաններու բացում` այո՛, բայց նախ արդարադատութեան ատեանի առջեւ հաշուետուութիւն ռազմական յանցագործութիւններու համար:
Յարաբերութիւններու հաստատում` այո՛, առանց Ցեղասպանութեան պահանջէ հրաժարման, առանց Թուրքիոյ տարածքային սահմանները յատուկ պայմանագիրով ընդունելու: Առանց թուրանական կամուրջի կառուցման:
Ոչ ոք դէմ է խաղաղութեան. խաղաղութիւն` առանց նախապայմաններու, առանց մեր համազգային իրաւունքներէն հրաժարելու:
Այս բոլորը գործադրելու համար թրքական ներշնչումով, քաջալերանքով ազրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն իրենց ոտնձգութիւնները հայկական սահմաններուն ուղղութեամբ` ճնշելու, որ օր առաջ կայանայ սահմանագծումը, ատով իսկ նաեւ վերջնականապէս լուծուած համարելու Արցախեան հակամարտութիւնը:
Ամբողջ հայութեան դէմ յայտարարուած քաղաքական երկկողմանի պատերազմ է, եւ ամբողջ հայութիւնը պարտաւոր է միակամ դիմադրել թրքական եւ ազրպէյճանական այս նոր գրոհին:
Դիմադրութեան առաջին գիծերուն վրայ կ՛ըլլայ հայ երիտասարդութիւնը: Հայ մարտունակ երիտասարդութեան վայել են միշտ առաջնագիծերը` պայքարի բոլոր փուլերուն: Հիմա աշխարհատարած ցոյցեր կը սպասուին դիմակայելու համար թրքական վտանգը: Ետ մղելու համար ազրպէյճանական զօրքերը մեր սահմաններէն, փրկելու համար Սիւնիքը եւ ձախողցնելու Զանգեզուրեան միջանցքի գործողութիւնը:
Հիմա Արցախեան ազատամարտին թէ Հայ դատի տարբեր փուլերու ինկած բոլոր հերոսները կոչ կ՛ուղղեն մեզի` միասնական շարքերով տապալելու Թուրքիոյ այս նոր ծրագիրը:
Իսկ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կերտած տղաքը կը յուշեն, որ Հայ դատի աշխատանքներուն, զոհաբերութիւն պահանջող աշխատանքներուն առաջին գիծերուն վրայ եղած են Լիբանանի երիտասարդական միութիւնն ու Զաւարեան ուսանողական միութիւնը ցուցական աշխատանքներով ինչպէս նաեւ, եթէ հարկ ըլլայ, իրենց կեանքին գնով:
Քաղաքական պարտադրուած պատերազմի ամերիկեան ռազմաճակատէն` քոնկրեսէն, արդէն կը հնչեն Հայ դատի մեր յանձնախումբի տարած առաջին յաղթանակի ձայները: Ներկայացուցիչներու տունը Պաքուէն կը պահանջէ անյապաղ վերադարձնել հայ ռազմագերիները: Կը պահանջէ հետաքննութիւն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ռազմական յանցագործութիւններուն:
Հիմա, ճիշդ հիմա՛ անհրաժեշտ են ցուցական աքթեր եւ այդ աքթերու ընդմէջէն համայն աշխարհը պիտի իմանայ, որ հայկական միասնական ճակատը պիտի յաջողի չէզոքացնել թշնամիին բոլոր ոտնձգութիւնները. պիտի շարունակուի՛ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման յաղթարշաւը: Պիտի վերականգնի ամբողջական տարածքներով Արցախի Հանրապետութիւն:
Նահատակներու կտակին ընդառաջ, Լիբանանի երիտասարդական միութիւնն ու Զաւարեան ուսանողական միութիւնը պիտի գրաւեն հայութեան պարտադրուող այս նոր պատերազմին առաջին դիրքերը եւ յաղթական դուրս պիտի գան անպայման այս նոր գոյամարտէն: Նոր գոյամարտ, որ անպայման պիտի յանգի ամբողջական հայրենիքի կայացման վերականգնումին:
Տխրահռչակ փրոթոքոլներու օրերուն միջազգային ընտանիքը ամբողջ կը ճնշէր հայկական կողմին վրայ` ընդունելու Թուրքիոյ նախապայմանները: Յայտարարեցինք համահայկական տարողութեամբ պայքար, ցոյցեր, բողոքներ: Այսօր առ ոչինչ յայտարարուած են փրոթոքոլները:
Այդ պայքարին մէջ առաջատար էր լիբանանահայութիւնը: Առաջատար էին Լիբանանի երիտասարդական միութիւնն ու Զաւարեան ուսանողական միութիւնը: Համոզուած ենք, որ յայտարարուած համահայկական այս պայքարին մէջ դարձեալ մեր միաւորները կ՛ունենան վճռորոշ դերակատարութիւն եւ կը ձախողցնեն Անգարայի ծրագիրը:
Պիտի փրկուի Սիւնիքը:
Պիտի չկառուցուի Զանգեզուրի միջանցքը:
Պիտի վերակասեցուի թուրանական յառաջխաղացքը:
Պիտի վերականգնի՛ Արցախի Հանրապետութիւնը:
Որովհետեւ ա՛յդ կը պահանջեն մեր բոլո՛ր նահատակները:
Որովհետեւ այդպէ՛ս է վճռած աշխարհատարած երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը. եւ առաջին հերթին` Լիբանանի երիտասարդական միութիւնն ու Զաւարեան ուսանողական միութիւնը:
* ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի կազմակերպած «Միշտ ձեր կողքին» խորագրեալ առցանց ձեռնարկին արտասանուած խօսք:
www.aztagdaily.com/archives/523902