Մասթըր Կարոն Գնաց, Խօսք Չմնաց – Կարոյին մասին դժուար թէ կարելին ըլլայ խօսիլ անցեալով, – ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2021 – ABBA Academy – Lebanon – Մասթըր Կարօ Քեպապճեան:
ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Կարոն Գնաց, Խօսք Չմնաց
ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ
Կարոյին մասին դժուար թէ կարելին ըլլայ խօսիլ անցեալով, որովհետեւ Կարոն շատ մարդոց ներկային մէջ ներկայ էր:
Ներկայ էր իբրեւ «Մասթըր»: Ներկայ էր իբրեւ օրին գործօն դաշնակցական: Ներկայ էր իբրեւ դաստիարակ ուսուցիչ: Ներկայ էր իբրեւ արցախեան յաղթանակի մասնակից: Ներկայ էր իբրեւ արցախեան պետականութեան ներկայացուցիչ :
Իսկ վերջերս շատերու համար ներկայ էր իբրեւ հայրենադարձութեան խթան ու ուժ ոգեշնչող:
Կարոն կտոր մը Լիբանան էր, կտոր մը մարտական թեւ, Դաշնակցութիւն, կտոր մը Պուրճ Համուտ, կտոր մը Արցախ , կտոր մը Աշտարակ:
Վերջապէս, ինք պատմութիւն էր իր էութեամբ: Պատմութիւն` դաշնակցական երազկոտ երիտասարդի: Պատմութիւն` իր անմիջական համայնքի անսակարկ ծառայութեան նուիրեալի: Պատմութիւն` հայ երիտասարդի` բանակային, մարմնակրթութեան թէ հոգեբարոյական կազմաւորման:
Պատմութիւն` հայրենադարձի ու հայրենաշէնի:
Կարոյին հետ իմ առաջին հանդիպումս 1983 թուականին էր, Յունաստան, Քալամոսի երիտասարդականի բանակումին:
Կարոն` իր վերցուցած կարմիր ու սեւ գօտիներով, բանակավայրի երիտասարդաց մարմնակրթանքի ընդհանուր պատասխանատուն էր, մեր բոլորի ուշադրութեան կեդրոնը, նաեւ` բանակավայրի ամէն մէկ անկիւնը:
Հսկիչ, քննիչ , մարզիչ , վարիչ, անպայման իւրաքանչիւրիս ըսելիք մը, տալիք մը, փոխանցելիք մը ունէր:
Կարոն մեզմէ ոչ ոքի օտար էր, եւ մենք նմանապէս օտար չէինք Կարոյին, որովհետեւ անպայման տեղ մը մտերմութեան մը առիթը ստեղծուած էր:
Ու Կարոն թէեւ խստաբարոյ, գոնէ` այդպիսին երեւացող, այնուամենայնիւ փուխ սիրտ էր, խիստ ընկերային ու շատով ու շուտով մտերիմ:
Կարոյի յաջորդ հանդիպումս քսան տարի ետքն էր` Հայաստան:
Ինչե՜ր անցած էին Կարոյի գլուխէն մինչեւ այդ Հայաստանը:
Ինչե՜ր ունէր պատմելիք, փոխանցելիք, ուսանելի: Երկրէն երկինք, հողէն կրակ, մարգարէէն Աստուած: Կարոն նիւթի պակաս չունէր:
Այնքան, որքան Պուրճ Համուտի մասին պատմելիք ունէր, ունէր նաեւ Ճափոնի մասին, Փարիզի մասին, Չինաստանի մասին:
Բայց նիւթերուն նիւթը ա՛լ Հայաստանն էր, Արցախն էր, «Սերո՛բ, դուն ե՞րբ հոս պիտի գաս» էր:
Այո՛, ժամադրուած էինք:
Կարոյի տան ճիշդ քովը հողակտոր մը ձեռք բերած էինք:
Կարոն խոստացած էր անպայման այդ մեր հողն ալ, նման` շատերու հողակտորներուն, շէնացնել:
Խոստացած էր Հայաստանին յատուկ բոլոր «պիւրոկրատային» դժուարութիւնները յաղթահարել ու անպայման Հայաստանին մէջ անկիւն մը ունենալու գործը գլուխ բերել:
Հիմա ըսէ, Կարօ՛, դուն ո՞ւր գացիր: Այս տուած խոստումդ ինչո՞ւ երեսի վրայ ձգեցիր, ինչո՞ւ չյարգեցիր: Դուն էիր, որ կ՛ըսէիր` Վերինը իմ հոգին չ՛առներ, որովհետեւ իմ նմաններս տակաւին այստեղ շատ ընելիք ունին:
ՈՒ ՎԵՐԻՆԸ ԱՅԴ ԼԱ՛Ւ ԳԻՏԻ:
Մենք Հայաստան ունինք շէնցնելիք:
Արցախ ունինք ամրացնելիք:
Սփիւռք ունինք հոս բերելիք:
Կարօ՛, ես լաւ գիտեմ, այս մահը դեռ քու հաշիւներուդ մէջ չկար, անոր մասին ընդհանրապէս մտածող իսկ չկար: Ու աւելին ըսեմ` անոր հաւատացող ալ չկար:
Բայց, Կարօ՛, ի՛նչ ընես, ի՛նչ ըսես` պատահեցաւ:
Պատահեցաւ այնպէս, ինչպէս շատերուն, շատ շատերուն:
Պատահեցաւ, որովհետեւ մէկը վերէն քեզ իր մօտ փափաքեցաւ ունենալ:
Այնուհետեւ ըսեմ, Կարօ՛, եթէ մինչեւ օրս քեզի ըսողը չեղաւ:
Կարօ, Կարօ՛, քեզ բերին Եռաբլուր: Բլուր, ուր լուռ կը հանգչին քու բազմաթիւ ընկերներդ: Բլուր, որ վերջերս հազիւ թէ ըսուի` լուռ: Այնուամենայնիւ բերին: Բերին` հակառակ ամիսներու վրայ երկարող, սուրբ լերան վրայ նահատակաց «հարսանիքին» ստեղծած եռուզեռին, խճողումին:
Բերին ու քեզ ալ այդ սուրբ հողին մէկ անկիւնը տեղաւորեցին:
Բերին, ու ի յարգանս քեզ, քու ընկերներդ խոնարհեցան: Խոնարհեցաւ ողջ Արցախը, աւելի ճիշդ` Արցախէն մնացածը:
Ի նշան այդ խոնարհումին` Արցախը զարդարեց կուրծքդ:
Քո յիշատակին տրաքեցին հայոց բանակայիները:
Վերջաւորութեան ընկերներդ «Վերքերով լի»-ով քեզ յանձնեցին միայն վերջերս առաւել հինգ հազար մատաղացուով հարստացած հողին:
ԵԹԷ հոն ըլլայիր, քու սգակիր ընկերներուդ շարքին, հաւանաբար ցնծայիր:
Իրաւ թէ քեզի նման մէկու մը փափաքը ի՛նչ կրնայ ըլլալ, եթէ ոչ` այդ սրբազան վայրին մէջ գտնել վերջին եւ յաւերժական հանգիստը:
Այդ ո՞ր մէկ հայկական գերեզմանատունն է, որ առաջինը պիտի արձագանգէ Քրիստոսի գալուստին, եթէ ոչ` Եռաբլուրը:
Կարօ՛, դուն գացիր, հողը թեթեւ գայ վրադ:
Բան մը խոստանամ քեզ: Պիտի գամ Հայաստան իմ անկիւնս գտնելու, Արարատին նայելով` քեզ պիտի յիշեմ ու քեզի նմաններուն երազները պիտի փոխանցեմ:
www.facebook.com/ABBA-Academy-Lebanon-1544498449172929/photos/a.1580955125527261/2955999044689522