Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատմութեան Խորհուրդը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
01 ՄԱՐՏ 2022 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ: – Կարդալ նաեւ՝ :
ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ո՛չ, եւ բարձրաձայն` ո՛չ մեր հայրենիքի ներկայ ահաւոր եւ տխուր վիճակին:
Ո՛չ պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրող քաղաքականութեան:
Ո՛չ այս բթամիտ ներքին եւ արտաքին ռազմավարութեան:
Ո՛չ Թուրքիոյ հետ սիրաբանութեան:
Մեր հայրենիքը հայ ազգի գոյութեան երաշխիքն է, մինչեւ ե՞րբ անոր ղեկն ու ճակատագիրը առեւանգուած պիտի մնան քաղաքական իմաստով ապիկար եւ անհաղորդ ղեկավարներու կողմէ: Ցասումով կ՛արտայայտեմ ընդվզումս ու բարկութիւնս, որովհետեւ այս ընթացքով մեր հայրենիքը կը սուրայ դէպի կորուստի անդունդը:
Յստակ թող ըլլայ յարգելի ընթերցողին, որ պատմական այս տմոյն ու դժպհի պայմանները պատճառ պիտի դառնան մեր հայրենիքի ընդհանուր` տնտեսական, մշակութային, հոգեւորական եւ ի վերջոյ հողային վերջնական կորուստին: Պիտի նախընտրէի մեռնիլ դառն ու պատրանաթափ սրտով, բայց չտեսնել այդ օրը:
Ան, որ չ՛ուզեր տեսնել այս դառն իրականութիւնը, կո՛յր է. իսկ ան, որ կը տեսնէ եւ ձեռքերը ծալած կը մնայ, կը նշանակէ` կա՛մ անտարբեր է, կամ ալ վերապահ. յաղթապանծ ոգիով չէ, որ կը կատարեմ այս հաստատումը, բայց երկուքն ալ մեղադրելի են. ա՛յս է իրականութիւնը:
Դիմադրութիւնը կը սկսի «ո՛չ» բառով:
Ո՛չ այս տկար ստրկամիտ հոգեվիճակին:
Այո՛ պայքար բառին: Պայքար` խորտակելու կրաւորական ու թուլամորթ կեցուածքները, պայքար` արմատական հայրենաշէն փոփոխութիւններ վերահաստատելու:
Մեր որբ մեծ հայրերը, ամբողջ սերունդ մը անցած է ընդ սուր եւ ընդ հուր, բայց եւ այնպէս կիզիչ արեւին տակ մահը յաղթահարելով, անոնք գաղթակայանները ամրոցներու վերածեցին, ապա` հայաւան դարբնոցներու. կրցան իրենց աչքերուն մէջի հուրը, խենթ հայրենասիրութիւնը, ազգային արժանապատուութիւնը, մշակոյթը, սրտերուն վէրքը ի վերջոյ կտակը մեր նահատակներուն փոխանցել ապագայ սերունդներուն:
Այդ ամբողջ հոգեւոր ու ազգային փոխանցուած «հարստութիւնն» է, որ լուսարձակի տակ դրուեցաւ դժպհի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին, երբ անխտիր ամէն հայ երիտասարդ-երիտասարդուհի նուիրուեցաւ հայապահպանման սուրբ աշխատանքին, դժբախտաբար նաեւ շատեր նահատակուեցան ի սէր հայութեան:
Տարիներ ետք գաղութին նոյն նուիրեալ ընտիր տղաքն էին, որ Արցախի ազատագրակա՛ն, ապա վերջին պատերազմին հերոսաբար մահը անտեսելով մարտիրոսներ դարձան, ու մենք ուխտեցինք իրենց ճամբան շարունակել, պայքարիլ մինչեւ գերագոյն յաղթանակը…
Բայց այսօր մենք մատնուած ենք այս դժուար ու բարդ կացութեան. ականատես եւ ականջալուր ենք, բայց կարծէք ձեռքերնիս շղթայակապ, երբ մեր սուրբ հայրենիքը կ՛ողջակիզուի, իսկ մենք անկարող ենք «քաղաքակրթուած» կերպով հակադարձելու, ընթացքը փոխելու:
Ի՞նչ ընել:
Շատ անգամ հայելիին մէջ նայելով ինքզինքս չեմ ճանչնար. ամօ՛թ ինծի. ամօ՛թ մեզի, որ չկրցանք յարգել կտակը նահատակներուն, չկրցանք յարգել մեր կատարած ուխտը Արցախի մէջ նահատակուած հերոսներու յիշատակին:
Իմացապաշտ վերլուծումներէ ետք, հրամայական առաջնահերթութիւնները յարգելով եւ մեր ընդհանուր պատմութեան խորհուրդով ոգեղինացած, պէտք է անքակտելիօրէն կառչած մնանք մեր ազգային պահանջատիրութեան: Հողը, հայրենիքը մեր ժամանակի խարիսխն են, պաշտպանենք անոր ամբողջականութիւնը. ինքնամոռաց նուիրումով մեր բոլորին մտածման սեւեռակէտը, կեանքի ու գործի առանցքը պէտք է դառնայ հայապահպանումն ու հայրենիքի հզօրացումը: Պէտք ունինք կամքի պրկումի եւ ազգային գիտակցութեան զարթօնքի: Հետագայ աղէտներ դիմակալելու համար վերակազմակերպենք սփիւռքի մեր հայաւանները, վերաշինենք հայապահպան ամրոցները, նաեւ նախանձախնդիր ըլլանք մեր ազգային մշակոյթին նկատմամբ: Ի վերջոյ դառնանք ջատագովը մեր ժողովուրդի միասնականութեան, թող դադրին ալ բաժանարար որակումները, մեր ուժը թող ըլլայ մեր միասնականութեան մէջ: Հայը հայ է, մեր ճակատագիրները նոյնն են, մեր ափերուն մէջի վէրքը նոյնն է, եւ վստահ եղէ՛ք, որ թշնամիին սուրը մեզ իրարմէ պիտի չզանազանէ:
www.aztagdaily.com/archives/539410