Ժխտել Ցեղասպանութեան Անհամար Մահերը Կը Նշանակէ Տօնել Այդ Նոյն Զոհերուն Մահը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մշակոյթային Ցեղասպանութիւն –Պետական մշակոյթային ցեղասպանութիւն ատրպէյճանի ֆաշիստ ռեժիմի կողմէ - Génocide culturel - Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Ժխտել Ցեղասպանութեան Անհամար Մահերը Կը Նշանակէ Տօնել Այդ Նոյն Զոհերուն Մահը – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

23 ԱՊՐԻԼ 2022 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ: – Կարդալ նաեւ՝ :

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Ժխտել Ցեղասպանութեան Անհամար Մահերը Կը Նշանակէ Տօնել Այդ Նոյն Զոհերուն Մահը» Տոքթ. Իսրայէլ Ջարնի

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւրեօթ տարիներ ետք տակաւին միջազգայնօրէն չյաջողեցանք միահամուռ ճանաչում ստեղծել Մեծ եղեռնին նկատմամբ, եւ մասնաւորապէս չյաջողեցանք եղեռնագործին ընդունիլ տալ իր նախահայրերու կողմէ` մարդկութեան դէմ գործադրուած այս ահաւոր եւ աղէտալի արարքը:

Երբ իրապաշտ կերպով ուզենք սերտել այս նիւթը եւ անոր հոլովոյթը, պէտք է առարկայօրէն փորձենք պատասխանել երեք հիմնական հարցումներու.

Ա.- Ինչո՞ւ ցարդ չկրցանք յաջողցնել ճանաչումը:
Բ.- Ի՞նչ է ճանաչման կարեւորութիւնը:
Գ.- Ո՞ւր ենք այսօր այս հարցին նկատմամբ:

Ա.- Առաջին հարցումին պատասխանը յստակ է. որովհետեւ Ցեղասպանութենէն ետք երկար տարիներ աշխարհը քաղաքականօրէն երկփեղկումի ենթարկուած էր, հետեւաբար քաղաքական ուժերը երկբեւեռացած էին: Մէկ կողմէ «Արեւմտեան պլոքը»` առաջնորդուած Միացեալ Նահանգներուն կողմէ, իսկ միւս կողմէ «Արեւելեան պլոքը»` առաջնորդուած Խորհրդային Միութեան: Ուստի Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական բաղձալի վիճակն ու դիրքը իրենց համար թանկ նկատելով, ատիկա Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն աւելի ծանր կշռեց իրենց ազգային շահերու նժարին վրայ: Հետեւաբար, չէին ուզեր Թուրքիան «նեղացնել» եւ ընդունիլ Ցեղասպանութեան գոյութիւնը, ի բացառեալ «հայերու բարեկամ» կարգ մը պետութիւններէ:

Վերոյիշեալ ժխտական պատճառաբանութիւնը երբեք չկասեցուց մեր ազգային կազմակերպութիւնները, որոնք անխոնջ աշխատանքով, յամառօրէն ու յարատեւօրէն ոգի ի բռին շարունակեցին այս թէժ առաքելութիւնը` յարաճուն երթով յաղթանակէ յաղթանակ ընթանալով:

Բ.- «Ի՞նչ է ճանաչման կարեւորութիւնը» հարցումը ունի երեք պարբերակ, որոնք են`

1.- Իրաւաբանական
2.- Մարդկային
3.- Հայկական

1.- Իրաւաբանօրէն որեւէ հարց չի լուծուիր, եթէ փաստուած յանցաւորը չպատժուի եւ անմեղը փոխհատուցում չստանայ: Շատ յստակ եւ տարրական պարզ սկզբունք կամ «տոկմա» մըն է: Փաստաթուղթերը եւ վկայութիւնները անհամար են` մատնանշելու յանցաւորը: Քաղաքականացած այս հարցը տակաւին իր արդար վճիռը չգտաւ:

2.- Մարդկայնօրէն, կրնանք ըսել, թէ կարելի չէ այս մակարդակի ոճիր մը անպատիժ ձգել: Ինչպէ՞ս կարելի է թոյլ տալ պետութեան մը, որ կանխամտածուած եւ ծրագրուած կերպով փորձէ ոչնչացնել ամբողջ ազգ մը: Ո՞ւր է արդեօք մարդկութիւնը, մարդկայնութիւնը եւ աշխարհին խիղճը: Պէտք է յանցաւորը պատժուի, որպէսզի նոյնանման արարքներ չկրկնուին:

3.- Հայկականօրէն լաւ գիտենք այս ոճիրին աղէտալի հետեւանքները: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն զոհ, արմատախիլ ընել ամբողջ ազգ մը իր հազարամեայ պապենական օրրանէն, հրոյ ճարակ դարձնել երեք հազարամեայ մշակոյթ մը, հողին հաւասարեցնել 425 վանք եւ 2538 եկեղեցի, յափշտակել ամբողջ ազգի մը նիւթական հարստութիւնները, որոնց դիմաց, ըստ Փարիզի միջազգային խաղաղութեան վեհաժողովին, որ գումարուեցաւ 1919-1920-ին, Թուրքիան պարտական է մօտ 400 միլիառ տոլար իբրեւ հատուցում տալ` այսօրուան չափանիշներով:

Նուազ կարեւոր, բայց նաեւ հիմնական կէտ մըն է նաեւ այն, որ վերապրողները հոգեբանօրէն դարձան «հիւանդներ»` տառապող «ցեղասպանութեան բարդոյթ»-է: Այսօր արդիական բժշկութիւնը փաստած է, որ ատիկա հոգեբանական քանդիչ ախտ մըն է, նաեւ յատկութիւնը ունի ժառանգական դառնալու, այսինքն կը փոխանցուի ծնողքէն զաւակին եւ այսպէս շարունակ:

Գ.- «Ո՞ւր ենք այսօր այս հարցին նկատմամբ» հարցումը հաւանաբար ըլլայ ամէնէն խրթին հարցումը, որովհետեւ, ինչպէս կը տեսնենք, Հայաստանի ներկայ կառավարութիւնը` կարծելով, թէ մենաշնորհեալ է այս հարցին լուծման նկատմամբ, ահաւասիկ առանձնաշնորհեալ եւ ինքնագլուխ կերպով, եւ ոչ անպայմանօրէն ճիշդ կերպով, կը փորձէ իր Թուրքիա-Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն մէջ օգտագործել Ցեղասպանութեան ճանաչման տուեալը` իբրեւ առեւտուրի խաղաքարտ մը իր ձեռքին: Անյապաղ եւ անտարակոյս կ՛ըսենք, թէ այս ընթացքը կը մտահոգէ ողջ հայութիւնը: Կը հիմնաւորեմ խօսքերս լուսարձակի տակ առնելով անցեալի ամբողջ սխալ եւ ձախաւեր գործերը, որոնք փաստօրէն (տէ ֆաքթօ) այս կառավարութեան պատասխանատուութիւնը կը հանդիսանան: Սկսելով արցախեան վերջին աղէտալի պատերազմէն, ապա անոր «լքումը», հայ գերիներու անընդունելի կացութիւնը Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, թշնամիներու յաճախակի ոտնձգութիւնները եւ անոնց անզուսպ յարձակումները հայկական շրջաններուն եւ բնակիչներուն վրայ, անմեղ հայ զոհեր պատճառելը, Թուրքիոյ հետ «ամէն գնով» համաձայնութիւն կնքելու այս տկար եւ ստրկամիտ հոգեվիճակը, Զանգեզուրի միջանցքը «յանձնելու» տրամադրութիւնը, սփիւռքէն քաղաքականօրէն «անկախանալու» հիւանդագին մարմաջը, եւ շատ մը այլ նիւթեր, որոնք վստահութիւն չեն ներշնչեր այս «սուրբ» հարցը ներկայ իշխանութեան յանձնելու` իբրեւ բանակցութեան առարկայ:

«Ցեղասպանութիւնը բանակցութեան առարկայ չի կրնար դառնալ» խօսքը Էլի Ուայզըլին է, որ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ շահած է (1986)` իբրեւ Ցեղասպանութենէն վերապրող Օշվիթսի կէթոյէն:

Ինչպէ՞ս բանակցիլ ցեղասպանութեան հարցով: Ինչպէ՞ս անտեսել այնքան փաստեր: Արդեօք մէկը իրաւունք ունի՞ այս հարցով բանակցելու: Ան կը պարտադրուի՛:

Հրեայ ազգին ցեղասպանութիւնը (Շոայ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի ատեն, նացի գերմանացիներու կողմէ), Քամպոտիա (1975-1979, Խմեր ուժերուն կողմէ), Ռուանտա (1994 ապրիլ-յուլիս, հութուներու կողմէ՝ Թութսի փոքրամասնութեան դէմ), Քոսովօ (1998-1999 սերպերու կողմէ` ալպանացիներուն դէմ). այս բոլոր տխրայիշատակ անմարդկային ցեղասպանութիւնները արդարութեան արժանացան առանց բացառութեան. Հայոց ցեղասպանութիւնն ալ անկասկած պիտի ընդունուի համայն աշխարհի կողմէ, եւ ուշ թէ կանուխ թուրք պետութիւնը, հակառակ իր ամբողջ հզօրութեան, եւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութեան, որ կը ներկայացնէ, պիտի ընդունի զայն, որովհետեւ, ինչպէս Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերան ըսաւ 1987-ի յունիս 18-ին, երբ Եւրոպական խորհրդարանը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը, թէ «արձանագրուած պատմութիւնը չենք կրնար ռետինով սրբել»:

Հետեւաբար, ապրիլ 24¬ի պատգամը մեզ կը հրաւիրէ յամառօրէն եւ յարատեւօրէն շարունակել Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման այս աշխատանքը, զոր արդէն իսկ երկար տարիներէ ի վեր միասնաբար եւ ազգային բոլոր կազմակերպութիւնները անխտիր կը տանին` ի յարգանք Մեծ Եղեռնի Նահատակներու յիշատակին, եւ այս հարցը յատուկ կերպով կը միացնէ ամբողջ հայութիւնը իր տարբեր գունաւորումներով եւ դաւանանքներով: Արդարեւ անընդունելի է բանակցութեան առարկայ դարձնել եւ կամ «պատմական յանձնախումբերու» յանձնել այս հարցը` առաւել սերտողութիւններ եւ ճշդումներ կատարելու համար:

Ապրիլ 24¬ի ոգեկոչումը մեզ պէտք է դնէ այս հոգեվիճակին մէջ, մեզ մղելով միասնականօրէն եւ վճռակամութեամբ շարունակել մեր պայքարը, նաեւ վանել թշնամիին առջեւ «քծնող»-ի հոգեվիճակը: Ա՛յս պիտի ըլլար խնդրանքը մեր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներուն:

Կ՛եզրափակեմ գրութիւնս Ապրահամ Լինքընի (նախկին նախագահ Միացեալ Նահանգներու) պատշաճ խօսքով մը, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Ճիշդ ենք` ուրեմն ուժեղ ենք եւ ո՛չ թէ ուժեղ ենք` ուրեմն ճիշդ»:

aztagdaily.com/archives/544277

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail