Քիշինեւի Հանդիպումէն Ետք` Ֆրանսայի Կեցուածքը Եւ Հայութեան Սպասելիքները

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Քիշինեւի Հանդիպումէն Ետք` Ֆրանսայի Կեցուածքը Եւ Հայութեան Սպասելիքները

18 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – ԱՐՑԱԽ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: Ինչպէս նաեւ՝

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Յունիս 1-ին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հրաւէրով եւ ուղղակի միջնորդութեամբ, Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշինեւի մէջ, Եւրոպական քաղաքական համայնքի Բ. վեհաժողովի ծիրին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հերթական հանդիպումը` հիմնական նիւթ ունենալով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաւանական համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնը: Երկու երկիրներու ղեկավարներէն եւ Միշէլէն զատ` այս հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց:

Հնգակողմ էր հանդիպումը, որովհետեւ յայտնաբար Պաքուի բռնատէր Իլհամ Ալիեւ նախորդ քառակողմ հանդիպումէն ետք Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի հայամէտ յայտարարութիւններէն գոհ չէր մնացած եւ յայտարարած էր, որ ի տես ֆրանսական նմանօրինակ կեցուածքներու` ինք այդպիսի ձեւաչափով հանդիպումներու չի մասնակցիր այլեւս: Ուրեմն Գերմանիոյ վարչապետին ներառումը այս ձեւաչափին մէջ ձեւով մը Ալիեւը գոհացնելու համար էր: Մասնաւոր յայտարարութիւն չելաւ Քիշինեւի հնգակողմ հանդիպումէն, յայտարարուեցաւ միայն, որ բանակցող երկու կողմերը յաւելեալ յառաջընթաց արձանագրած են բանակցութիւններու հոլովոյթին մէջ եւ համաձայնած են քննարկումները շարունակել յուլիս 21-ին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին:

Բայց Ֆրանսայի նախագահական նստավայրը` Էլիզէի պալատը, հնգակողմ հանդիպումէն ետք անոր մասին հրապարակեց քանի մը պարբերութենէ բաղկացած յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար կը կարդանք, որ հանդիպման ընթացքին` «Եւրոպացի ղեկավարները կոչ ուղղած են Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին` յարգելու իրենց բոլոր պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս ըստ կարելւոյն շուտ ազատ արձակել ռազմագերիները: Անոնք նաեւ յիշեցուցած են Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներդրման կարեւորութիւնը: Վերջաւորութեան անոնք ընդգծած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ երաշխիքներու սահմանման կարեւորութիւնը»: Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, ապա նոյն հաղորդագրութեան մէջ  դարձեալ կը կարդանք, որ հնգակողմ հանդիպման ընթացքին` «Մաքրոն յատուկ ընդգծած է որեւէ թշնամական հռետորաբանութեան չտրուելու եւ, ի շահ շրջանի ամբողջ բնակչութեան, խաղաղութեան վերականգնման ուղղութեամբ ջանքերու շարունակութեան կարեւորութիւնը»:

Բնականաբար Էլիզէի պալատի նշեալ յայտարարութեան պիտի յաջորդէր ազրպէյճանական պաշտօնական հակազդեցութիւնը: Այսպէս, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այհան Հաճիզատէ յայտարարութիւն մը կատարելով` նշեց, որ` «Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ Քիշինեւի մէջ կայացած հնգակողմ հանդիպումէն ետք միակողմանի յայտարարութիւնը, որ հետագային հրապարակեց Ֆրանսայի նախագահը, չ՛արտացոլացներ կողմերուն դիրքորոշումը եւ կը խեղաթիւրէ զայն: Ֆրանսան առաջին անգամը չէ, որ կը դրսեւորէ այսպիսի վարքագիծ, որ դրական ներդրում չ՛ունենար Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղ հոլովոյթին, շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վրայ»:

Իսկ որո՞նք էին Էլիզէի պալատի յայտարարութեան այն կէտերը, որոնք յառաջացուցին պաշտօնական Պաքուի այսքան խոր ընդվզումը: Եթէ տողերուն մէջ նայինք, կան հիմնական եզրեր եւ հասկացողութիւններ, որոնք Ազրպէյճանը իր հագուստներէն դուրս կը հանեն: Առաջին կէտը ռազմագերիներու մասին խօսիլն է, մինչ Պաքու շատոնց արդէն յայտարարած է, որ իր մօտ հայ ռազմագերիներ չկան, իսկ գոյութիւն ունեցող ձերբակալեալները ամբաստանուած են ահաբեկչական յանցանքներով: Երկրորդ` շեշտումն էր Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան Հայաստանի մէջ ներդրման կարեւորութեան վրայ, որպէսզի այդ առաքելութիւնը աւելի ընդարձակ լիազօրութիւններով հսկէ Հայաստանի գերիշխան տարածքին դէմ եղած ազրպէյճանական խախտումներուն դէմ: Երրորդ` Ազրպէյճան չ՛ընդունիր, որ գոյութիւն ունի «Լեռնային Ղարաբաղ» անունով կոչուող տարածք, իսկ հոն ապրող հայերը որոշակի իրաւունքներ ունին:

Թէ ի՞նչ եղաւ Քիշինեւի հնգակողմ հանդիպման ընթացքին եւ ինչպէ՞ս այդ հանդիպումին Ֆրանսան հանդէս եկաւ իբրեւ միակ հայամէտ կողմը, այս հարցով նոյնինքն նախագահ Մաքրոնը մասամբ փակագիծները բացած է Ֆրանսայի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներու հետ ունեցած ոչ պաշտօնական զրոյցներու ընթացքին:

Այսպէս, հնգակողմ հանդիպումէն եւ նախագահական օդանաւ բարձրանալէն անմիջապէս ետք նախագահ Մաքրոն անձնապէս կը հեռաձայնէ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին եւ կ՛ըսէ, որ ինք մեծապէս դժգոհ է այն ձեւէն, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցաւ Քիշինեւի վեհաժողովը: Ան փաստացիօրէն եղած է միակը, որ ըստ կարելւոյն, պաշտպանած է հայկական շահերը: Ալիեւ շատ հաստատակամ ինքզինք դրսեւորած է եւ լսելի դարձուցած` իր ձայնը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ անցած է Ազրպէյճանի կողմը: Իսկ Փաշինեան ինքզինք դրսեւորած է շատ ինքնամփոփ, քաշուած եւ շատ թոյլ: Արցախահայութեան շահերու միակ պաշտպանը ըլլալը նախագահ Մաքրոնը դրած է շատ անյարմար դրութեան մէջ: Մուրատ Փափազեանին հետ կատարուած հեռաձայնային հաղորդակցութեան հաւաստիութիւնը կը հաստատէ ֆրանսական ArmActu կայքը:

Իսկ յունիս ամսուան վերջաւորութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եռօրեայ այցելութիւն մը տուած է Մարսէյ եւ այդ այցելութեան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է քաղաքի ազդեցիկ շրջանակները ներկայացնող անձնաւորութիւններու հետ: Սոյն հանդիպման ընթացքին Մաքրոն առանձին հանդիպած է նաեւ Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց շարքին` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ նախագահին ուղղելով իր խօսքը` ըսած է. «Պարո՛ն նախագահ, մենք` իբրեւ Ֆրանսայի քաղաքացիներ, ձեզի կը դիմենք իբրեւ մեր նախագահը, ինչպէս նաեւ` Մինսքի խմբակի համանախագահ, եւ կ՛ակնկալենք, որ  Արցախի մեր հայրենակիցներուն ցուցաբերէք գործնական զօրակցութիւն: Գիտենք, որ մեր ընկերը` Ֆրանսահայ կազմակերպութեանց համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան տարբեր առիթներով արծարծած է ձեզի հետ Արցախի տագնապալի եւ յոյժ մտահոգիչ կացութիւնը, մենք մեր կարգին կը դիմենք ձեզի միեւնոյն պահանջով ու միեւնոյն հարթութեամբ: Պէտք է յստակ ըլլայ նաեւ, որ մեզի համար անընդունելի է հայապատկան դարաւոր Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու որեւէ խօսակցութիւն կամ մտադրութիւն»: Նախագահ Մաքրոն Վարժապետեանին եւ ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը` պատասխանած է. «Մի՛ կասկածիք Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի գծով վճռակամութեանս: Պիտի շարունակեմ ջանքս, նոյնիսկ եթէ մինչ օրս այս օրակարգով գրեթէ միակն եմ միջազգային ընտանիքին մէջ: Գիտէք նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսա Հայաստանի իր դեսպանութեան մօտ ուղարկեց զինուորական իր կցորդը, որ պէտք է որոշ բան նշանակէ, չէ՞: Մենք պիտի ընենք մեր կարելին, առաւելագոյնը»:

Յստակ է ուրեմն, որ միջազգային մակարդակի վրայ նուազագոյն առումով կեցուածքներու տարբերութիւն կայ շրջանին մէջ միջազգային խաղացողներու եւ Ֆրանսայի միջեւ: Կեցուածքներու այս տարբերութիւնը հետզհետէ աւելի կրնայ ցայտուն ըլլալ Հարաւային Կովկասի մէջ զանազան միջազգային կողմերու միջեւ միջնորդական հակամարտութեան առընթեր: Կարեւորը հայկական մակարդակի վրայ զգօն ըլլալն է եւ մղելը, որ կեցուածքները ըլլան ոչ թէ պարզապէս յայտարարողական, այլ գետնին վրայ իրենց գործնական դրսեւորումները ունենան յօգուտ հայութեան: Այն, ինչ որ հայութեան եւ անոր շահերուն կը վնասէ, երկու բան է. Ա) Ժամանակի գործօնը եւ արագակշռոյթ իրադարձութիւններուն հետ քայլ չպահելը, Բ) Օդին մէջ արձակուած խոստումները եւ անթիւ ու անհամար թուղթէ շերեփները, որոնք գործնական գետնի վրայ ոչինչ կրնան նշանակել: Իսկ այսօր օդի ու ջուրի պէս անհրաժեշտութիւն են, որ միջազգային մակարդակի վրայ մեր բարեկամներուն կեցուածքները գործնականացուին յստակ քայլերով, նախ եւ առաջ` Արցախի ապաշրջափակումով: Ուրեմն ասիկա մեր դաշնակիցներուն եւ բարեկամներուն, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ մասնաւորապէս Ֆրանսայի առջեւ նետուած ձեռնոց է` գործնականացնելու իրենց հայամէտ կամ հայութեան օգտին նկատուող զանազան կեցուածքները, այլապէս իրենք ալ մեծապէս պատասխանատու պիտի ըլլան Արցախի գլխուն կախուած ցեղային զտումի վտանգը չկասեցնելու առումով:

aztagdaily.com/archives/587132

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail