Ալիեւ. «Ղարաբաղեան Տագնապը Երբեք Խաղաղ Ճամբով Չէր Լուծուեր»
Յ1 ՕԳՈՍՏՈՍ 2021 – ԿԻԶԱԿԷՏ – ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ – Կարդալ նաեւ՝:
Յետպատերազմեան ժամանակահատուածը եւ միջազգային ուժերու գործողութիւնները կը վկայեն, թէ ղարաբաղեան տագնապը երբեք խաղաղ ճամբով չէր լուծուեր: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքին համաձայն, այս մասին Շուշիի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:
«Ինչպէս յայտնի է, բանակցային հոլովոյթը տեւած է շուրջ երեսուն տարի, սակայն ոչ մէկ արդիւնք տուած է: Իրադարձութիւններու ներկայ ընթացքը եւ միջազգային ուժերու գործողութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ հարցը երբեք բանակցութիւններու ճամբով լուծում չէր գտներ», ըսած է Ալիեւ:
Անոր համաձայն, միջազգային ընտանիքը կը փորձէր սառեցուած տագնապը ներկայացնել իբրեւ այլընտրանք չունեցող տարբերակ:
«Իսկ մենք բոլորովին այլ կարծիքի էինք, եւ ես երբեք ատիկա չեմ պահած: Ես ըսած եմ, որ եթէ հարցը խաղաղ ճամբով չլուծուի, մենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնը պիտի վերականգնենք զինուորական ճամբով», ըսած է Ալիեւ:
www.aztagdaily.com/archives/520850
Կարդալ նաեւ՝ Թուրքիոյ հանրապետութեան պետական ռեժիմի պաշտօնեաները եւ քոչուոր թափառաշրջիկ թուրքերը